Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չինաստանի 200 Շտապ Օգնութեան Մեքենաներ Նուիրած է Հայաստանին

Չինաստանի 200 Շտապ Օգնութեան Մեքենաներ Նուիրած է Հայաստանին

by MassisPost

Երեւանի Շահումեանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան առեւտուրի նախարարութեան կողմէ Հայաստանին անհատոյց տրամադրուող շտապ օգնութեան մեքենաներու պաշտօնական յանձնումը:

Յանձնման արարողութեան ներկայ եղած են վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունը, Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Համաձայնագրի շրջանակէն ներս Հայաստանին տրամադրուած է 200 շտապ օգնութեան մեքենայ, այդ շարքին՝ 65 վերակենդանացման մեքենայ, 135 գծային շտապ օգնութեան մեքենայ:

china-ambulances-2

Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլուն ընդգծած է, որ առողջապահութեան ոլորտի մէջ իրենց  աջակցութիւնը հայ-չինական համագործակցութեան կանոնաւոր մասը կը կազմէ: «Չինական կողմի նախաձեռնութեամբ արտադրող ընկերութիւնը Հայաստան գործուղած է 10 արհեստավարժ մասնագէտներէ բաղկացած խումբ: Համոզուած եմ, մեր մասնագէտները առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրեն ազգաբնակչութեան շտապ բուժօգնութեան կազմակերպելու, մարզերու մէջ շտապ բուժօգնութեան հասանելիութեան ապահովման եւ շտապ կանչերու առաւել մեծ քանակի սպասարկման գործընթացին այս մեքենաներու արդիւնաւէտ օգտագործման համար»:

Դեսպան Էրլունը նշած է, որ Չինաստանի աջակցութիւնը Հայաստանին կ’իրականացուի առանց նախապայմաններու, այն անշահախնդիր է. «Համոզուած եմ, որ Չինաստանը եւ Հայաստանը պիտի շարունակեն խորացնել համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, եւ հայ-չինական կապերը պիտի ըլլան շարունակական ու ամուր»:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ ընդգծած է, որ չինական կողմի աջակցութեան շնորհիւ հնարաւոր դարած է թարմացնել եւ համալրել հանրապետութեան շտապ օգնութեան ամբողջ ինքնաշարժի պարկը: «Կառավարութեան որոշմամբ շտապ օգնութեան մեքենաները բաշխուել են ողջ հանրապետութիւնով մէկ: 49 մեքենայ տրամադրուել է Երեւանի «Շտապօգնութիւն» ընկերութեանը, 10 մեքենայ՝ Երեւանի  մի շարք բժշկական կեդրոններին, եւս 131 մեքենայ՝ մարզային բժշկական կեդրոններին»:

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը 2011-ին Հայաստանին  նուիրաբերած էր 88 շտապ օգնութեան մեքենայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment