Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիկոլ Փաշինեան Արձագանգը ԱՄՆ Դեսպանի Յայտարարութեան ԼՂ Հակամարտութեան Վերաբերեալ

Նիկոլ Փաշինեան Արձագանգը ԱՄՆ Դեսպանի Յայտարարութեան ԼՂ Հակամարտութեան Վերաբերեալ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմը շատ յստակ արտայայտած է իր դիրքորոշումը, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։

Լրագրողներու խնդրանքով, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլսի՝ ԼՂ հակամարտութեան վերաբերեալ յայտարարութեան, Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է.

«Հեռացող դեսպանի յայտարարութիւնը կարող ենք համարել հեռացող պատգամ»։

Յիշեցնենք, որ EVN Report-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ դեսպան Միլսը նշած էր, որ  ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորումը հնարաւոր չէ առանց «գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձին»:

Հարցազրոյցի ընթացքին դեսպանը յայտնած է, թէ հայ ժողովուրդը, ի վերջոյ, պէտք է որոշէ` ո՞ր լուծման ինք պատրաստ է:

«Ես զարմացած էի, երբ առաջին անգամ այստեղ եկած եմ եւ պարզած, որ ինծի հանդիպած հայերու մեծամասնութիւնը կտրականապէս դէմ եղած է գրաւեալ տարածքներու վերադարձին` որպէս բանակցային գործընթացի մէկ մաս: Ինծի կը զարմացնէ այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ գրեթէ քննարկում չկայ ընդունելի լուծման կամ հնարաւոր փոխզիջումներու մասին: Իմ կառավարութեան երկար տարիներու ընկալումը այն էր, որ այդ տարածքները ի սկզբանէ վերցուած էին յետագային` «Հող՝ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւին մէջ օգտագործուելու համար: Իսկապէս շատ զարմացայ, երբ յայտնաբերեցի, որ այդ տարբերակը այլեւս որեւէ աջակցութիւն չունի»,- ըսած է Ռիչարտ Միլսը:

Ան նշած է, որ կը հասկանայ, որ 2016 թուականին ապրիլեան պատերազմն ալ աւելի սրած է հայերու ընկալումները: «Սակայն դաժան իրականութիւնը այն է, որ ցանկացած կարգաւորում պիտի պահանջէ գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձ»,- ըսած է ԱՄՆ դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment