Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յովիկ Աբրահամեանի Եղբայրը 5 Միլիոն Դրամ Գրաւով Ազատ Արձակուած է

Յովիկ Աբրահամեանի Եղբայրը 5 Միլիոն Դրամ Գրաւով Ազատ Արձակուած է

by MassisPost

Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եղբօր՝ Ճոնիկ Աբրահամեանի խափանման միջոցը փոխուած է: Յատուկ քննչական ծառայութեան մամլոյ քարտուղար Մարինա Օհանջանեանը  Lragir.am-ին ըսած է, որ կալանքը փոխարինուած է գրաւի դիմաց ազատ արձակելով: Դատարանը բաւարարած է Ճոնիկ Աբարահամեանի փաստաբանի միջնորդութիւնը՝ 5 միլիոն դրամ գրաւ սահմանելու մասին:

Նշենք, որ Ճոնիկ Աբրահամեանը կը մեղադրուի ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու յօդուածով։ Յիշեցնենք, որ Յովիկ Աբրահամեանի ընտանիքին պատկանող գործարանի տարածքին մեծ քանակութեամբ զէնք յայտնաբերուած էր, իրաւապահները կասկածներ յայտնած էին, թէ այդ զէնքը կապ ունի Մարտ մէկի հետ: Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը, սակայն, օրերս լրագրողներուն ըսած է, որ փորձաքննութիւնը հաստատած է՝ Յովիկ Աբրահամեանի տարածքէն յայտնաբերուած զէնքը կապ չունի Մարտ մէկի կրակոցներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment