Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճորճ Քենթ․ ԱՄՆ Կ’աջակցի Ժողովրդավար, Անվտանգ եւ Բարգաւաճ Հայաստանին

Ճորճ Քենթ․ ԱՄՆ Կ’աջակցի Ժողովրդավար, Անվտանգ եւ Բարգաւաճ Հայաստանին

by MassisPost

«Միացեալ Նահանգները պիտի աջակցի ժողովրդավար Հայաստանին եւ հայաստանեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Ուաշինկթընն ու Երեւանը պիտի քննարկեն յարաբերութիւններու խորացման հարցը», – Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է այցով Հայաստան գտնուող ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարի տեղակալ Ճորճ Քենթը:

«Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, հաւանաբար գալիք տարուան փետրուարին Ուաշինկթընի մէջ մենք պիտի գումարենք ամերիկա-հայկական միջկառավարական աշխատանքային խումբի հերթական նիստը՝ իրականացնելու համար ռազմավարական նշանակութեան քննարկումներ: Կը կարծեմ, մեզի համար այդ գերազանց պահ պիտի ըլլայ՝ քննարկելու, թէ ինչպէս կրնանք խորացնել մեր յարաբերութիւնները: Ինչպէս դեսպան Միլզը յայտարարեց անցած շաբաթ, ի պատասխան այստեղ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, որոնք դուք կ’անուանէք «թաւշեայ յեղափոխութիւն», ԱՄՆ-ն մեծցուց Հայաստանին յատկացուող աջակցութիւնը՝ օժանդակելու այն փոփոխութիւններուն, որ հայաստանցիները առաջ կը տանին», – նշած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Ճորճ Քենթ կը զբաղցնէ Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարի տեղակալի պաշտօնը եւ պատասխանատու է Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Պելառուսի, Հայաստանի, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու համակարգման համար:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած էր Քենթը եւ կառավարութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցմամբ, ամերիկացի դիւանագէտը ըսած էր, որ ուրախ է այցելել Հայաստան երկրի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին, եւ Միացեալ Նահանգները կը կարեւորէ Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ գործակցութեան յետագայ ընդլայնումը․ – «Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի ժողովրդավար, անվտանգ եւ բարգաւաճ Հայաստանին: Տեղեակ ենք, որ ձեր երկիրը ժողովրդավար կերպով փոխուեցաւ, հնարաւոր են նոր ընտրութիւններ, եւ մենք կը քաջալերենք, որպէսզի այդ ընտրութիւնները ըլլան ազատ եւ արդար, որոնց պիտի մասնակցին բոլորը»:

Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետի ու Միացեալ Նահանգներու նախագահի հնարաւոր հանդիպման հարցին՝ Ճորճ Քենթը վստահութիւն յայտնած է, որ այն պիտի կայանայ․ – «Որպէս դիւանագէտներ մենք միշտ կ’աջակցինք մեր առաջնորդներու միջեւ հանդիպման կայանալուն: Վստահ եմ, որ Թրամբ-Փաշինեան հանդիպումը պիտի կայանայ, սակայն չեմ կրնար ըսել, թէ այն երբ ու ուր պիտի կայանայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment