Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աղմկայարոյց Գաղտնալսման «Պատուիրատուն Յայտնի է»․ ԱԱԾ Տնօրէն

Աղմկայարոյց Գաղտնալսման «Պատուիրատուն Յայտնի է»․ ԱԱԾ Տնօրէն

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանին եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Սասուն Խաչատրեանին գաղտնալսելու «պատուիրատուն Հայաստանէն է», հանրութեան շրջանին «լայն ճանաչում ունի», «ԱԱԾ-ի հետ որեւէ կապ չունի», կառավարութեան նիստէն ետք՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

Թէ երբ քրէական հետապնդում կը սկսի այդ անձի նկատմամբ, Վանեցեանը դեռ չի գիտեր։

«Պատուիրատուն մէկն է, բայց այդ պատուիրատուի մասնակցութիւնը փաստաթղթաւորելը եւ հիմնաւորելը շատ բարդ է, շատ-շատ բարդ, որը, ցաւօք սրտի, այս փուլում չի լինում», – ըսած է ԱԱԾ տնօրէնը։

Վանեցեանը նշած է, որ պատուիրատուին անձամբ չի ճանչնար, անոր հետ երբեք չէ շփուած։

«Գաղտնալսման ժամանակ գտնուել եմ ոումինկի տակ։ Այդ դէպքում ինթերնեթային կապուղին պաշտպանուած չէ, այսինքն՝ չի գաղտնագրուում: Այդ դէպքում ցանկացած միջին որակի մասնագէտ կարող էր գաղտնալսումը իրականացնել», -ըսած է ԱԱԾ տնօրէնը։

ԱԱԾ տնօրէնը անդրադարձած է նաեւ գաղտնալսման շարժառիթներուն՝ նշելով. – «Հիմնական շարժառիթը եղել է նա, որ Արթուր Վանեցեանը պէտք է հրաժարական ներկայացնի»։

Վանեցեանը նաեւ մանրամասներ ներկայացուցած է Քննչական կոմիտէի մէջ իրականացուած քննութեան մասին: «Քննութեան արդիւնքում պարզուել է, որ ես եւ Սասուն Խաչատրեանը նշուած օրը ունեցել ենք 10 զանգ: 8 անգամ զանգահարել է ինքը ինձ, 2 անգամ զանգահարել եմ ես իրան: Ընդհանուր առմամբ մենք խօսակցութիւն չենք ունեցել, որը 8 րոպէ 40 վայրկեան է: Ամենաերկար խօսակցութիւնը երկուսուկէս րոպէ է։ Էդ խօսակցութիւններն ամբողջութեամբ մոնթաժուած է եւ ներկայացուած է որպէս մէկ խօսակցութիւն», – ըսած է ԱԱԾ տնօրէնը:

Վանեցեանը աւելցուցած է, որ ոչ մէկ բանէ կը վախնայ, իր հեռախօսը տուած է քննութիւն իրականացնող մարմնին՝ փորձաքննութիւն իրականացնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment