Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովը Աւարտած է

Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովը Աւարտած է

by MassisPost

Երեւանի մէջ աւարտած են Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի աշխատանքները: Գագաթնաժողովի փակման արդիւնքներով ընդունուած է Երեւանեան հռչակագիրը:

Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն այդ պաշտօնին ընտրուած է Ռուանտայի արտաքին գործոց նախարար տիկին Լուիզ Մուշիկիւապոն: Նիկոլ Փաշինեանը բարձր գնահատած է գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին Միքայէլ Ժանի կատարած գործունէութիւնը եւ շնորհաւորած է Լուիզ Մուշիքիւապոյին նոր պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ: ՀՀ վարչապետը անոր մաղթած է յաջողութիւններ ստանձնած առաքելութեան մէջ եւ վստահութիւն յայտնած է, որ ան իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ կազմակերպութեան յետագայ զարգացման:

Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովը բարձր մակարդակով իրականացնելուն։

Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, նախկին արտաքին գործոց նախարարին։

Վարչապետը նշած է, որ ամենամեծ շնորհակալութեան արժանի է ժողովուրդը։

Վարչապետը համոզուած է, որ գագաթնաժողովը նպաստած է մեր պետութեան միջազգային հեղինակութեան աճին եւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան ամրապնդման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment