Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԳ նախարար․ Մեծ Հպարտութիւն էր Ըլլալ Այսչափ Կարեւոր Միջոցառման Բեմահարթակ

ՀՀ ԱԳ նախարար․ Մեծ Հպարտութիւն էր Ըլլալ Այսչափ Կարեւոր Միջոցառման Բեմահարթակ

by MassisPost

11-12 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովը ամփոփուած է մամլոյ ասուլիսով, որուն մասնակցած էին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը , ֆրանսայի պետնախարար Ժան Պափթիսթ Լեմուանը, Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան  նորընտիր գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիւապոն, Թունէսի Արտաքին գործոց նախարարը՝ որպէս յաջորդ գագաթնաժողովը հիւրընկալող երկրի Արտաքին գործոց նախարար, որ պէտք է տեղի ունենայ 2020-ին։

«Հայ ժողովուրդը մեծ հպարտութիւն է զգում այդչափ կարեւոր միջոցառման բեմահարթակ լինելու ու դրա մեծ յաջողութիւնը տօնելու համար։ Հայ ժողովուրդը հաւատարիմ իր հիւրընկալութեան աւանդոյթներին ընդունեց 5 մայրցամաքներից հիւրերին»,-ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը՝ խօսելով նաեւ այն տխրութեան մասին, որ համակած է ներկաները Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ մեր յիշողութեան մէջ կը մնան այն ամէնը, որ Ֆրանքոֆոնիայի աւանի շնորհիւ Երեւանը դարձաւ մշակութային բազմազանութեան կեդրոն։

Խօսելով ընդունուած փաստաթուղթերու մասին՝ Արտաքին գործոց նախարարը նշած է Երեւանեան հռչակագիրը, որ ուղենիշ պիտի ըլլայ նաեւ յառաջիկային Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան աշխատանքներուն համար։  Զօհրապ Մնացականեանի խօսքերով, որպէս Ֆրանքոֆոնիայի մէջ նախագահող երկիր՝ Հայաստանը նախագահութեան ընթացքին պիտի իրականացնէ շարք մը նախաձեռնութիւններ նաեւ այլ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին է նաեւ Եւրոխորհուրդը։

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շնորհաւորած է Լուիզ Մուշիքիւապոյին ընտրութեան կապակցութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնած է Միքայէլ Ժանին՝ եղած աշխատանքին համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment