Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Washington Times Դարձեալ Ապատեղեկատուութիւն Կը Տարածէ»

«Washington Times Դարձեալ Ապատեղեկատուութիւն Կը Տարածէ»

by MassisPost

Հոկտեմբեր 10-ին, Washinghton Times թերթը Հայաստանի մասին նոր յօդուած մը հրապարակած է՝ Anarchy In Armenia խորագրին տակ: Յօդուածի հեղինակն է Արաբական ծոցի երկիրներէն՝ Պահրէնի մէջ  Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօն վարած  Ատամ Էրիլի, որ կը փորձէ Հայաստանը ներկայացնել անիշխանութեան մէջ մխրճուած երկիր, ուր վարչապետ  Նիկոլ Փաշինեան կը ձգտի մէկ մարդու իշխանութիւն հաստատել:

Այս կապակցութեամբ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան յայտարարեց, որ Washington Times դարձեալ ապատեղեկատուութիւն Կը տարածէ: «Ամիս մը առաջ նոյն այս թերթը, մէկ այլ գրութեամբ վարչապետ Փաշինեանը կ՛անբաստանէր Ռոպերթ Քոչարեանի հանդէպ վրէժխնդրութիւն  կիրարելու մէջ: Այսօրուայ յօդուածին մէջ եւս զգալի է նախկին նախագահին պաշտպանելու միտումը: Այս մտածել կու տայ մեզի, որ Քոչարեանի կողմէ վերջերս վարձուած PR ընկերութիւնը կը փորձէ նման անհիմն գրութիւններով, Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն նկատմամբ ժխտական կարծիք ձեւաւորել, յատկապէս Ամերիկեան պահպանողական շրջանակներուն մօտ, որոնց բանբերը կը նկատուի այս հրատարակութիւնը: Նաեւ պէտք է աւելցնել, որ Washinghton Times-ի էջերուն վրայ յաճախակի լոյս կը տեսնեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տեսակէտները պաշտպանող յօդուածներ: Այս բոլորի իրար մօտ բերելով, յստակ կը դառնայ  Washington Times-ի հետապնդած նպատակները՝ մի քանի ուղղութիւններով», ըսաւ Խոտանեան ու աւելցուց, որ Հնչակեան Կուսակցութեան կից գործող Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը կը պատրաստուի բողոքի գրութիւն մը ուղարկելու Washington Times-ի խմբագրութեան, որպէսզի նման ապատեղեկատուութիւնները անպատասխան չմնան եւ տարածում չգտնեն աւելի լայն հասարակութեան մօտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment