Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկ Մարութեանը Ստանձնած է Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնը

Հայկ Մարութեանը Ստանձնած է Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնը

by MassisPost

«Վստահ եմ, որ աւագանու այս կազմով մենք կ’անենք այնպէս, որ մեր երեւանցիները ամէն օր, ամէն ժամ ու ամէն վայրկեան ժպտան», – յայտարարած է Մարութեանը:

Երեւանի հիմնի հնչիւններուն ներքոյ «Իմ քայլը» դաշինքի 57, «Լոյս» դաշինքի 3 ու «Բարգաւաճ Հայաստանի» 5 անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Երեւանի նորընտիր աւագանիի առաջին նիստը: «Իմ քայլը» դաշինքէն ընտրուած քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը շնորհակալութիւն յայտնած է երեւանցիներուն՝ իր խումբին վստահելու համար ու խոստացած է․ – «Մենք կ’անենք այնպէս, որպէսզի մեր երեւանցիները ամէն օր, ամէն ժամ ու ամէն վայրկեան ժպտան: Խօսքս ուղղում եմ մեր աւագանիներին՝ միշտ ուշադիր լինել մեր Երեւանի բնակիչների բոլոր խնդիրներին, բոլոր ահազանգերին անյապաղ արձագանգել եւ բոլոր հարցերը բերել, հասցնել այստեղ, մեր աւագանու նիստին, հանել քննարկման եւ անյապաղ լուծումներ տալ դրանց»:

Աւագանիի նորընտիր կազմը ընտրած է չորս յանձնաժողովներու նախագահներ՝ որոնցմէ երեքը անկուսակցական են: Յանձնաժողովներէն մէկուն նախագահի տեղակալ ընտրուած է ԲՀԿ-ի ներկայացուցիչը, իսկ «Լոյս» դաշինքը հրաժարած է այդ առաջարկէն:

Դաշինքի ղեկավար Դաւիթ Խաժակեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ նախորդ աւագանիին մէջ իրենք ունէին յանձնաժողովի տեղակալ ու կրնային իրենց ներկայացուածութեամբ ինքնուրոյն քվորում ապահովել, հիմա այդ հնարաւորութիւնը չունին, ուստի անհրաժեշտ չեն համարեր ընդունիլ այդ առաջարկը:

«Բայց եւ այնպէս, մենք դա գնահատեցինք որպէս դրական քաղաքական ժեսթ, գնահատեցինք որպէս պատրաստակամութիւն՝ մեծացնելու խմբակցութիւնների ներգրաւուածութիւնը քաղաքային կառավարման մէջ, տալու նրանց լծակներ: Եւ ունենք առարկայական առաջարկներ թէ՛ Երեւանի աւագանու կանոնակարգում, թէ՛ Երեւանի ՏԻՄ օրէնքում, եւ այդ առաջարկները, ինչպէս ես աւագանու նիստում ասացի պարոն Մարութեանին, մենք պատրաստ ենք ներկայացնել»:

marutyan-3
Աւագանիի մէջ իրենց տեղերէն հրաժարած են «Բարգաւաճ Հայաստանի» ցուցակը գլխաւորած Նաիրա Զօհրապեանն ու Պետրոս Ղազարեանը:

Նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը չէ ըսած, թէ որոնք պիտի ըլլան փոխքաղաքապետերը:

«Ազատութեան» հարցին՝ պատրաստ էք աշխատիլ նախկին փոխքաղաքապետերէն, օրինակ, Կամօ Արէյեանի հետ, Մարութեանը պատասխանած է․ – «Բոլոր այն մարդկանց հետ, ովքեր պատրաստ են իրականում ծառայել, եթէ նրանք չունեն օրէնքի հետ խնդիրներ, ես պատրաստ եմ աշխատել բոլորի հետ, ով օգուտ կը տայ»:

Տեղափոխութեան վարչութեան պետ Հենրիկ Նաւասարդեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ պատրաստ է շարունակելու աշխատանքը՝ եթէ նման առաջարկ ըլլայ:

Նորընտիր քաղաքապետի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 Հոկտեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment