Home ՍՓԻՒՌՔ Աթեշեանին Կարգալոյծ Ընելու Պահանջով Թուրքիոյ Հայերը Ստորագրահաւաք Սկսած են

Աթեշեանին Կարգալոյծ Ընելու Պահանջով Թուրքիոյ Հայերը Ստորագրահաւաք Սկսած են

by MassisPost

Թուրքիոյ հայութիւնը նոր ստորագրահաւաք սկսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթեշեանին կարգալույծ ընելու պահանջով:

Change.org կայքին վրայ սկսած ստորագրահաւաքին միացած են Թուրքիոյ մէջ ապրող բազմաթիւ հայերª կոչ ընելով բոլորին միանալ իրենց:

Շարժումի մասնակիցները կը մեղադրեն  Աթեշեանին ստախոօսութեան, համայնքը եկեղեցիէն հեռացնելու, եկեղեցական գոյքը վաճառքի հանելու, խոստումները չյարգելու ու հայ համայնքի անցյալը  չյարգելու  մէջ:

Ստորագրահաւաքով անոնք կը  պահանջեն, ոչ միայն զրկել Աթեշեանին պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէց, այլ նաեւ կարգալոյծ ընելª զրկելով կրօնական կոչումէն:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Աթեշեանը համայնքի ճնշման տակ հրաժարական  տուած էր ու համաձայնածª Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի նոր ընտրութիւններուն:

Հետագային  սակայն, թրքական  պետութեան միջամտութեամբ Աթեշեանը կրկին վերադարձաւ պաշտօնին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment