Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեանը ԱԺ Խմբակցութիւններուն Հետ Խորհրդակցութիւններ Նախաձեռնած է

Արմէն Սարգսեանը ԱԺ Խմբակցութիւններուն Հետ Խորհրդակցութիւններ Նախաձեռնած է

by MassisPost

Երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով նախագահ Արմէն Սարգսեանը նախաձեռնած է խորհրդակցութիւններու շարք Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն հետ:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքէջին, Արմէն Սարգսեանը հանդիպած է Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանի հետ:

Սարգսեանը ողջունած է վերջին օրերուն քաղաքական ուժերու որդեգրած բանակցային ուղին եւ կարեւորած հանդուրժողականութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտը երկրի մէջ:

ՀՀ նախագահը եւս մէկ անգամ շեշտած է, որ առկայ խնդիրները հնարաւոր է եւ պէտք է լուծել երկխօսութեան ճանապարհով, Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու շրջագիծէն ներս՝ առաջնորդուելով պետական ու ազգային շահերով:

Վահրամ Պաղտասարեանը վերահաստատած է ՀՀԿ խմբակցութեան այն յայտարարութիւնը, որ չընդունելով հանդերձ դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ փաստարկները՝ Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութիւնը վարչապետի թեկնածու առաջադրելու մտադրութիւն չունէր եւ չունի: Միաժամանակ ան նշած է, որ քաղաքական ուժերը պէտք է պատշաճ ժամանակ ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment