Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ կը Պնդէ որ Բանակցութիւնները Պիտի Ըլլան Բացառապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ

Ալիեւ կը Պնդէ որ Բանակցութիւնները Պիտի Ըլլան Բացառապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ

by MassisPost

Ղարաբաղեան խնդրի շուրջ բանակցութիւնները պիտի ըլլան բացառապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ պնդելով, թէ հայկական կողմը փորձած է փոխել բանակցութիւններու ձեւաչափը, սակայն յաջողութեան չէ հասած:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ կայացած երկու հանդիպումները, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը կը մնայ անփոփոխ, եւ որ այս հակամարտութիւնը պէտք է մօտ ապագային կարգաւորուի միջազգային սկզբունքներու եւ նորմերու հիման վրայ, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծէն ներս», – պնդած է Ալիեւ:

«Յոյսով եմ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կառուցողականութիւն կը դրսեւորէ իր քաղաքականութեան մէջ, եւ մեր հողերը շուտով կ’ազատագրուին գրաւողներէն», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը կառավարութեան ընդլայնուած նիստի ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment