Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքական Դաշտէն Պէտք է Արմատախիլ Ըլլան Այն Քաղաքական Ուժերը, Որոնք Աջակցած են Հակայեղափոխութեան. Ըսաւ Փաշինեան Եւ Յայտարարեց Մօտալուտ Հրաժարականի Մասին

Քաղաքական Դաշտէն Պէտք է Արմատախիլ Ըլլան Այն Քաղաքական Ուժերը, Որոնք Աջակցած են Հակայեղափոխութեան. Ըսաւ Փաշինեան Եւ Յայտարարեց Մօտալուտ Հրաժարականի Մասին

by MassisPost

Հոկտեմբեր 2-ին Հայաստանի մէջ դարձեալ կը տիրէր յեղափոխական մթնոլորտ: Հնրապետական կուսակցութիւնը, որուն միացած էին կառավարութեան մաս կազմող Բարգաւաճ Հայաստան եւ ՀՅԴ կուսակցութիւնները, անակնկալօրէն օրէնքի նախագիծ ներկայացուցին եւ ապա 67 ձայնով քուէարկեցին՝ խոչընդոտներ դնելով Խորհրդարանի լուծարման եւ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու վարչապետ Փաշինեան ծրագիրներուն առջեւ:

«Հակայեղափոխական» ուժերու այս քայլին հակադարձելով Փաշինեան կոչ ըրաւ ժողովուրդին համախմբուելու Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ՝ Ազգային Ժողովի շէնքին մօտ: Կարճ ժամանակուայ ընթացքին տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ ընդառաջեցին Վարչապետի կոչին:

Փաշինեան ելոյթ ունենալով ներկայացուց ստեղծուած կացութիւնը: «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ անոր աջակցած ուժերը, որոնք այդ նախագիծը դրած են շրջանառութեան մէջ ու քուէարկած, Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս յայտարարած են հակայեղափոխութիւն: Բայց բոլորս կը տեսնենք, որ ատիկա պիտի չիրականանայ, հակայեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ տեղ չունի, որովհետեւ ժողովուրդը յաղթած է, եւ այդ յաղթանակը ոչ ոք կրնայ խլել:
«ՀՀԿ-ն պէտք է արմատախիլ ըլլայ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն: Հայաստանի քաղաքական դաշտէն պէտք է արմատախիլ ըլլան նաեւ այն քաղաքական ուժերը, որոնք աջակցած են հակայեղափոխութեան», իր խօսքին մէջ ըսաւ ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց նաեւ ՀՅԴ-ն եւ ԲՀԿ-ն ներկայացնող նախարարներու արձակումը իրենց պաշտօններէն:

«Այսօր մենք պէտք է խօսինք Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր քաղաքական իրավիճակին եւ անոր լուծումներուն մասին: Երէկ եւ այսօր, հապճեպ կերպով ՀՀԿ-ական, Ծառուկեան դաշինք եւ ՀՅԴ պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուած է խայտառակ օրինագիծ մը, որուն նպատակը շատ յստակ Հայաստանի մէջ հակայեղափոխութիւն իրականացնելն է, այսինքն, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճանապարհը փակելը: Եւ, այո՛, այդ նախագիծին ընդունումը դաւադրութիւն է Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութեան, այսինքն՝ հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Եւ ես, այդ որոշման մասին գիտնալով, իմ աշխատակազմին հրահանգած եմ պատրաստել ստորագրման որոշում ՀՅԴ-ն ու «Ծառուկեան» դաշինքը ներկայացնող նախարարները աշխատանքէ հեռացնելու մասին: ՀՅԴ-ն ու ԲՀԿ-ն ներկայացնող նախարարներն ու մարզպետները աշխատանքէ կը հեռացուին: Եւ անոնք, ըստ էութեան, այս պահուն կը համարուին հեռացուած», յայտարարեց վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթի ընթացքին յայտարարեց, որ մօտ օրէն հրաժարական պիտի տայ եւ Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ներ ընտրութիւններ:
Վարչապետը ապա ուղղուեցաւ Ազգային Ժողով բանակցութիւններ վարելու համար Խորհրդարանի այլ ուժերուն հետ: Իրեն հետեւեցաւ նաեւ ժողովուրդը՝ մուտք գործելով Խորհրդարանի դարպասներէն ներս:

Մի քանի ժամ տեւող բանակցութիւններէն ետք, Փաշինեան դուրս գալով պատմեց ունեցած խօսակցութիւններու մասին: Ան ներկայացուց իր «ճանապարհային քարտէզ», որու համաձայն պիտի ներկայացնէ հրաժարականը, որմէ ետք Ազգային Ժողովը պիտի չկարողանայ նոր վարչապետ ընտրել, որուն արդիւնքով ալ Հայաստանի մէջ պիտի կայացուին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment