Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հաճիեւ. «Փայտաշինութեան Հանդիպումը կը Վկայէ, որ Բանակցութիւններու Ձեւաչափն Անփոփոխ է»

Հաճիեւ. «Փայտաշինութեան Հանդիպումը կը Վկայէ, որ Բանակցութիւններու Ձեւաչափն Անփոփոխ է»

by MassisPost

«Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպման նախաձեռնողը Հայաստանի վարչապետն էր», – Պաքուի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավարի տեղակալ Հիքմեթ Հաճիեւը: անոր խօսքով` «այդ անգամ մը եւս կը վկայէ, որ բանակցութիւններու ձեւաչափն անփոփոխ է, եւ անոնք կ’ընթանան հակամարտութեան կողմ հանդիսացող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:

Հաճիեւ ըսած է, որ նոյն ձեւաչափով ընթացած էին Արտաքին գործոց նախարարներու` Նիւ Եորքի մէջ 26 Սեպտեմբերին կայացած բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մէջ Յուլիսին տեղի ունեցած հանդիպումը:

«Մենք այդ ամէնը դրական կը գնահատենք: Ատրպէյճանը պատրաստ է հայ -ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման նպաստող կառուցողական բանակցութիւններուն եւ շփումներուն: Այդ անգամ մը եւս կը վկայէ Ատրպէյճանի հաւատարմութիւնը ներկայ ձեւաչափով ծաւալող բանակցային գործընթացին», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment