Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցի Պատգամաւորը Ռուսաստանը կը Մեղադրէ «Ատրպէյճանական Հողերու Գրաւման Մէջ»

Ատրպէյճանցի Պատգամաւորը Ռուսաստանը կը Մեղադրէ «Ատրպէյճանական Հողերու Գրաւման Մէջ»

by MassisPost

Ատրպէյճանցի պատգամաւոր Կուտրաթ Հասանկուլիեւը Ռուսաստանը կը մեղադրէ «ատրպէյճանական հողերու գրաւման մէջ»։ Իր առանձնայատուկ կարծիքը ատրպէյճանցի պատգամաւորը յայտնած է Միլի մեճլիսի (խորհրդարանի) նիստին։

«Մեր հողերը Ռուսաստանը գրաւած է»,–յայտարարած է Հասանկուլիեւը՝ առաջարկելով օրինագիծ մշակել գրաւեալ հողերու մասին։ Պատգամաւորի խօսքով՝ գրաւուած տարածքներու բնական միջոցները կը շահագործուին։

Կուտրաթ Հասանկուլիեւը համոզուած է, որ ատրպէյճանական հողերը գրաւած է ոչ թէ Հայաստանը, այլ Ռուսաստանը. «Մեր հողերը գրաւեր է Ռուսաստանը։ Որքան ալ մեր ռազմական ներուժը աւելցնենք, չենք կրնար ազատագրել մեր հողերը, քանի դեռ ՌԴ–ն ռազմական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանին։ Իսկ այդ երկիրներու ռազմական համագործակցութիւնը կրնայ մեր նոր հողերու կորստի պատճառ դառնալ»,–յայտարարած է պատգամաւորը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment