Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վստահութեան ՔուէԷն ետք

Վստահութեան ՔուէԷն ետք

by MassisPost

Կիրակի օր, տեղի ունեցան Հայաստանի յեղափոխութենէն ետք առաջին ընտրութիւնները: Թէեւ պայքարը Երեւանի աւագանիի անդամներու եւ քաղաքապետի պաշտօնին համար էր, սակայն ան ստացաւ աւելի ընդարձակ բնոյթ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պահանջեց եւ հասարակութիւնը ընդառաջեց, որպէսզի այս ընտրութեամբ իրեն տրուի վստահութեան քուէ եւ ինք այդ արդիւնքի հիման վրայ կարողանայ բանակցութիւններ վարել այն ուժերուն հետ, որոնք կ՛ընդդիմանան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու իր մտադրութեան:

Նախ պէտք է արձանագրել, որ նոր իշխանութիւնները յաջողեցան իրենց ընտրական առաջին քննութեան մէջ՝ ապահովելով ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ, ուր բացակայեցան կաշառքը եւ պետական լծակներու օգտագործումը: Առաջին անգամ ըլլալով մասնակից միւս ուժերը ընդունեցին արդիւնքներու օրինականութիւնը ու շնորհաւորեցին յաղթող կողմին:

«Իմ Քայլը» դաշինքի արձանագրած 81 տոկոսի արդիւնքը անակնկալ չէր, նկատի ունենալով՝ որպէս յեղափոխութեան առաջնորդ վարչապետի վայելած լայն ժողովրդականութիւնը:

Նման արդիւնքի հասնելով Փաշինեանին տրուեցաւ անհրաժեշտ մանտաթը, որպէսզի ան կարողանայ հասնիլ ներկայ Ազգային Ժողովի լուծարման եւ ժողովուրդի կամքը արտայայտող խորհրդարանի կազմութեան:

Միւս կողմէ սակայն, կայ մտավախութիւն, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւս նման արդիւնք ունենալու պարագային, կրնայ կազմուիլ միակուսակցական Ազգային Ժողով, ուր պիտի բացակայի վերահսկողութիւնն ու կարծիքներու բախումը, որոնք անհրաժեշտ ազդակներ են առողջ եւ կենսունակ ժողովրդավարութիւն կառուցելու համար:

Նկատի ունենալով այս հաւանականութիւնը, պէտք է մտածել խորհրդարանէն ներս ներկայացուելու համար անհրաժեշտ՝ նուազագոյն շեմը, առնուազն մէկ անգամուայ համար, վերացնելու հարցը, որպէսզի հոն ներկայացուած ըլլան ժողովուրդի բոլոր շերտերը:

Երկրորդ տարբերակը կրնայ ըլլալ այն, որ քաղաքական այլ ուժերու համախմբումով գոյանան աւելի մեծ դաշինքներ, յաղթահարելու համար 4 կամ 5 տոկոսի նուազագոյն շեմը:

Փաշինեանին տրուած այս վստահութեան քուէն, կը պարտաւորեցնէ նաեւ զինք, որպէսզի յաջորդ խորհրդարանը ըլլայ հաւասարակշռած եւ ներկայացուցչական:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment