Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի մէջ Պիտի Բացուի «Քարֆուր» Ցանցի Երկրորդ Հանրախանութը

Երեւանի մէջ Պիտի Բացուի «Քարֆուր» Ցանցի Երկրորդ Հանրախանութը

by MassisPost

Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի մէջ պիտի բացուի «Քարֆուր» ցանցի երկրորդ հանրախանութը: Այս մասին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ:

Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ֆրանսական ներդրումները կ’աւելանան: «Ֆրանսական ներդրողները իրենց հետ կը բերեն ոչ միայն ներդրումներ, այլեւ հմտութիւն, բարոյագիտութիւն, հասարակական պատասխանատուութիւն: Յոյս ունինք, որ Հայաստանի մէջ 2018 թուականին տեղի ունեցած քաղաքական եւ դիւանագիտական իրողութիւններուն շնորհիւ ներդրումները կ’աւելանան»,- ըսած է ան:

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ գործարար համաժողով, որու ծիրէն ներս շարք մը ֆրանսական կազմակերպութիւններ պիտի գան Հայաստան:

Երկրորդ «Քարֆուր» հանրախանութը պիտի բացուի  Տիգրան Մեծ փողոցի` Մեթրոյի «Զօրավար Անդրանիկ» կայարանին մօտ:

Ֆրանսական «Քարֆուր» (Carrefour) հանրախանութներու ցանցի առաջին խանութը Երեւանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ 11 Մարտ 2015-ին` «Երեւան մոլ»-ի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment