Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Չինաստանը 200 Շտապօգնութեան Մեքենայ Նուիրած է Հայաստանին

Չինաստանը 200 Շտապօգնութեան Մեքենայ Նուիրած է Հայաստանին

by MassisPost

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նուիրաբերուած է շտապօգնութեան 200 մեքենայ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է  Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի առողջապահութեան վարչութեան պետ Կամսար Պապինեան:

Անոր խօսքով՝   շտապօգնութեան մեքենաներուն 49-ը այսօր ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէն տրամադրուած է Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան «Շտապբուժօգնութիւն» ՓԲԸ-ին:

«Արդիւնքում՝ Երեւան քաղաքը 35 պրիկատի (աշխատակազմի) փոխարէն կը սպասարկեն շտապօգնութեան  42 պրիկատ: Շտապօգնութեան մեքենաները յագեցած են արդի պահանջներին համապատասխանող բժշկական սարքաւորումներով եւ պարագաներով, ինչն էլ, իհարկէ, կը նպաստի մատուցուող բժշկական ծառայութիւնների որակի էլ աւելի բարձրացմանը: Եղէք առողջ…»,-նշուած է Պապինեանի գրառման մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment