Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստանի Մէջ Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարը Վստահութիւն Ներշնչած է Եւրոպական Գործընկերներուն»․ ԵՄ Դեսպան

«Հայաստանի Մէջ Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարը Վստահութիւն Ներշնչած է Եւրոպական Գործընկերներուն»․ ԵՄ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութեան կաշառակերութեան դէմ պայքարը եւ արդարութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքերը վստահութիւն կը ներշնչեն Եւրոպական ընկերութիւններուն: Այս մասին  լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին:

«Ես կը հաւատամ եւ վստահ եմ, որ Եւրոպական ընկերութիւնները շատ ուշադիր կը վերլուծեն հնարաւորութիւնները եւ կը վստահին Հայաստանի կառավարութեան կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ արդարութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքերուն: Այդ ջանքերը Հայաստանը կը դարձնեն գրաւիչ արտաքին ներդրումներու համար, եւ իհարկէ, եւրոպական ընկերութիւնները կը փնտռեն նոր հնարաւորութիւններ, որոնց արդիւնքով Հայաստանի մէջ նոր պիզսնեսներ պիտի կարենան սկսիլ», – նշեց Եւրոմիութեան դեսպանը:

«Նոր գործարար հնարաւորութիւններ» խորագրով միջոցառումէն առաջ Սվիթալսքին ըսաւ, որ պիտի քննարկեն եւրոպական շուկայի համար Հայաստանի ներդրումային միջավայրը գրաւիչ դարձնելու հարցը: Դեսպանը վստահեցուց, որ Եւրոմիութեան շարք մը երկիրներու հայաստանեան ներկայացուցիչներէն հարցումներ ստացած են Հայաստանի մէջ՝ անոնց պիզնես գործունէութեան հետաքրքրութիւններու վերաբերեալ․ – «Մենք ստացեր ենք Եւրոմիութեան տարբեր ընկերութիւններէն, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան անդամ հանդիսացող երկիրներու հայաստանեան ներկայացուցիչներէն հարցումներ, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներով: Մենք յոյսով ենք, որ անոնց հետաքրքրութիւնները կը նիւթականացուին եւ յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին արդիւնքներ կ’ըլլան»:

Եւրոմիութեան դեսպանը վստահեցուց՝ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին եւ ամէն ինչ համապատասխանեցնելու եւրոպական չափանիշներուն․ – «Իհարկէ, խնդիրներ կան, որոնք կապուած են այն հանգամանքի հետ, որ Հայաստանը դեռ չի կիրառեր եւրոպական կանոնակարգման հիմքերը: Եւ այս նոր համաձայնագիրը իր մէջ կ’ընդգրկէ նոր դրոյթներ, որոնց պարագային Հայաստանը կ’ընդունի այս հիմքերը»:

Եւրոմիութեան դեսպանի խօսքով՝ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագրի իրականացումը կը նպաստէ նոր ներդրողներու ներգրաւման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ առեւտրային գործունէութեան առաջընթացին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment