Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Շքեղ Փառատօնով Եւ Բազմահազար Ներկայութեամբ Լոս Անճելոսի Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 27-Ամեակը

Շքեղ Փառատօնով Եւ Բազմահազար Ներկայութեամբ Լոս Անճելոսի Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 27-Ամեակը

by MassisPost

Նախորդ տարիներէն շատ աւելի բազմամարդ էին այս տարուան փառատօնի մասնակիցները, որոնք Կիրակի Սեպտեմբերի 23-ին Կլենտէյլի «Վերտուկ» զբօսայգին եկած էին Գալիֆորնիոյ տարբեր շրջաններէն, միասնաբար նշելու Հայաստանի անկախութեան 27րդ տարեդարձը:

Արդարեւ այս հայրենասիրական գեղեցիկ աւանդութեան 20րդ տարեդարձն է միայնգամայն, որ կը նշուի մեծ պատրաստութեամբ՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կողմէ:

Արտակարգ տօնական իրավիճակ կը տիրէր ընդարձակ զբօսայգիէն ներս, առաւել բազմամարդ, առաւել ժպիտ ու կենսուրախ դէմքեր: Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութենէն ծնունդ առած ժողովրդավարական նոր վարչակարգը եւ բռնապետական դրութեան տապալումը նոր երանգ ու տարազ տուած էր տօնական խճանկարին վրայ: Ամէն կողմ երգ ու նուագ եւ խնդութիւն, նոր հիմքեր ու նոր կարգախօսներ եւ ապագայի յուսալի հեռանկարներ: Այս բոլորը ստեղծեցին համատարած ոգեւորութիւն ամբողջ օրուան ընթացքին:

Ամենուրէք ակներեւ էր տօնական մթնոլորտը բազմահազար այցելուներու համար ստեղծուած էին ամէն տեսակի յարմարութիւններ: Տասնեակներով տաղաւարներու մէջ վաճառքի հանուած էին այլազան իրեղէններ, հայկական յուշանուէրներ, գորգեր, հայաստանեան արտադրութիւններ, ուտելիքներ, ճաշեր եւ այլն:

Հայ ժողովուրդի փառապանծ տօնին առիթով ներկայ էին եւ իրենց ողջյոնի եւ շնորհաւորական խօսքերով ելոյթներ ունեցան գոնկրէսական Ատամ Շիֆ, Գալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Անթոնի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի Քաղաապետական Խորհուրդի անդամներ՝ Վարդան Կարապետեան, Վրէժ Աղաճանեան, Կլենտէյի Դպրոցներու Միացեալ Խորհուրդի անդամ Շանթ Սահակեան: Գալիֆորնիոյ Խորհրդարանի անդամ Պրէտ Շըրմընի ներկայացուցիչը յանձնեց յատուկ հռչակագիր մը:

Կէսօրէ ետք գործադրուեցաւ տօնական մեծ համերգ: Գեղեցիկ խճանկարի մը նման ելոյթներով ներկաները խանդավառեցին շնորհալի երգիչներ Շպորտ, Անդօ Դեղարեան, Ալէն Յարութիւնեան, Արթուր Յակոբեան, Գագիկ Պատալեան, Արա Շահպազեան, Առնօ Մկրտիչեան եւ Ալֆրէտ Գալստեան:

Խանդավառութիւնն իր գագաթնակէտին հասաւ երբ քաղաքիս ծանօթ պարի խումբերէն Լիլիթ Մարգարեանի պարի դպրոցը եւ «Լիլիթ» պարախումբը ելոյթ ունեցան:

Տօնական բարձր տրամադրութեան տակ պարի հրապարակ խուժեցին նաեւ ներկայ հասարակութենէն շատեր, ստեղծելով իսկական փառատօնային մթնոլորտ կամ գաւառային մեծ հարսանեկան խրախճանք:

Ուշ երեկոյեան ներկաները զօսայգիէն հեռացան առաւել լիցքաւորուած մայր Հայրենիքի ներկայ ժողովրդավար իրավիճակի առթած բարձր տրամադրութեամբ, ինչպէս նաեւ յիշատակելի օրուան մը լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Այս առթիւ կը գնահատենք սոյն փայլուն ձեռնարկը նախաձեռնող եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնն ու օժանդակող կառոյցները, մասնաւորաբար՝ Հ.Մ.Մ.ի Տիկնաց Օժանդակ Մարմինը, ինչպէս նաեւ օրուան զոյգ հանդիսավարներ Անի Մարսէլեանն ու Հէրի Իիւնել-Յովակիմեանը, որոնք ձեռնհասօրէն կատարեցին իրենց պարտականութիւնները:

MERO-0145 MERO-0011 MERO-0051 MERO-0054 MERO-0303 MERO-0383

MERO-0115

MERO-0129 MERO-0066 MERO-0106 MERO-0243 MERO-0279 MERO-0333 MERO-0353 MERO-0392 MERO-0458 MERO-0415

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment