Վարչապետ նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ 25 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր: Անոնք կարեւոր համարած են տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը եւ նշած, որ անիկա զգալիօրէն կը զիջի երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին: Անոնք անհրաժեշտ համարած են գործուն քայլերու ձեռնարկումը` առեւտրատնտեսական կապերու խթանման, առկայ ներուժի իրացման նպատակով:
Փաշինեան ընդգծած է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները ունին առանձնայատուկ բնոյթ եւ պէտք է ատոնք շարունակեն զարգանալ բարեկամական ամուր կապերու հիմքի վրայ:
Իր հերթին, Հասան Ռոհանի նշած է, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է վստահութեան բարձր մակարդակ: Իրանի նախագահին խօսքով` հայ համայնքը իր երկրին մէջ ունի կարեւոր դերակատարութիւն եւ մեծ յարգանք կը վայելէ իրանցիներու կողմէ: Խօսելով տնտեսական փոխգործակցութեան մասին` ան համոզում յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ ստորագրուած ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորման միտուած համաձայնագիրը եւս հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի խորացնել հայ-իրանական տնտեսական գործակցութիւնը:
Փաշինեան եւ Ռոհանի անդրադարձած են տարբեր, ինչպէս` ուժանիւթի, ճանապարհաշինութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան, համեմատական պայմաններու բարելաւման վերաբերող հարցերու:
Իրանի նախագահը վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրած է Իրան եւ համոզում յայտնել, որ, այցը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ աւելի ընդգրկուն քննարկելու երկկողմ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղիները: