Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Վարչապետ Փաշինեան Այցելած է Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն Թանգարանին մէջ Բացուած «Արմէնիա» Ցուցահանդէսը

Վարչապետ Փաշինեան Այցելած է Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն Թանգարանին մէջ Բացուած «Արմէնիա» Ցուցահանդէսը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հետ, այցելած է Նիւ Եորքի հանրայայտ Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ բացուած «Արմէնիա» խորագիրով ցուցահանդէս: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը շրջայց կատարած է ցուցասրահներուն մէջ, ծանօթացած ներկայացուած հայկական արուեստի ու մշակոյթի լաւագոյն նմուշներուն՝ սկսած 4-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դար:

Վարչապետը նշած է, որ 2018 թուականը խորհրդանշական տարի է, որուն ընթացքին զգալիօրէն ամրապնդուած են հայ-ամերիկեան մշակութային կապերը: «Այս տարի հայկական մշակոյթը կը ներկայացուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աննախադէպ ձեւով՝ մօտեցնելով Հայաստանի մշակութային եւ քաղաքակրթական ժառանգութիւնը մեր ամերիկացի բարեկամներուն: Այս տարի կը նշուի ամերիկեան հողի վրայ հայկական ներկայութեան 400-ամեակը: 1618 թուականին, առաջին հայը՝ Մարթին անունով, հասած է Վիրճինիայի ափեր եւ բնակութիւն հաստատած Ճէյմսթաունի մէջ: Այդ օրէն ի վեր, մեր հայրենակիցներուն ներկայութիւնը այս հողին վրայ չի ընդհատուած, ինչպէս եւ անոնց ներդրումը իրենց նոր հայրենիքի մշակոյթին մէջ:

pashinyan-met-2

Այս տարի, աւելի վաղ, հայկական մշակոյթը՝ սովորոյթներն ու աւանդոյթները, ցուցադրուած են Ուաշինկթընի՝ ԱՄՆ մայրաքաղաքի սրտին մէջ, ազգային Մոլին մէջ, Սմիթսոնեան ժողովրդական կեանքի փառատօնին ծիրէն ներս: Անիկա մեզի աննախադէպ հնարաւորութիւն տուաւ հայկական մշակոյթը իր իւրայատուկ բազմազանութեամբ ներկայացնելու ամերիկեան հասարակութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր անկիւններէ ժամանած հազարաւոր զբօսաշրջիկներու: Քանի մը շաբաթ առաջ, մեր երկու ժողովուրդները միասին նշեցին Փուլիթցերեան մրցանակակիր, դրամատուրգ եւ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակը: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի համար այս աննախադէպ իրադարձային մշակութային տարուան գագաթնակէտը` այժմ ես մեծ պատիւ ու անձնական ուրախութիւն ունիմ ականատես ըլլալու այս իւրայատուկ ցուցահանդէսի բացման, շատ առումներով եզակի ցուցահանդէս»,- ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ անիկա կը ներկայացնէ հայկական ընդելուզուած մշակոյթը, իբրեւ նաեւ արեւմտեան մշակոյթի եւ քրիստոնեայ քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչ:

pashinyan-met-3

Վարչապետը նշած է, որ  ցուցահանդէսին ներկայացուած 14 դարերու հայկական ժառանգութիւնը՝ իր անգին գլուխգործոցներով, ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած է Մեթրոփոլիթէնի` աշխարհի ամենակարեւոր թանգարաններէն մէկուն մէջ, եւ համոզում յայտնած, որ անիկա, անկասկած, Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի փոխէ Հայաստանի եւ հայկական արուեստի նկատմամբ ընկալումն ու գնահատականը:

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ հայկական արուեստի ու մշակոյթի լաւագոյն նմուշները՝ սկսեալ 4-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դար: Ցուցադրութիւնը նուիրուած է հայ ժողովուրդի գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռքբերումներուն համաշխարհային ծիրէն ներս: Ցուցադրութեան ներկայացուած է 140 նմոյշ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment