Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տանըլտ Թրամփ․ «Այս Տարի Հայաստանը Տօնելու Շատ Բան Ունի»

Տանըլտ Թրամփ․ «Այս Տարի Հայաստանը Տօնելու Շատ Բան Ունի»

by MassisPost

Հայաստանի Անկախութեան տօնի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղեր է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

«Մեծարգոյ վարչապետ, ամերիկեան ժողովուրդի անունով կը շնորհաւորեմ  ձեզ եւ Հայաստանի ժողովրդը՝ ձեր ազգային անկախութեան 27-րդ տարեդարձի առթիւ», – ըսուած է ԱՄՆ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

«Այս տարի Հայաստանը տօնելու շատ բան ունի: Խաղաղ, ժողովրդական շարժումը նոր դարաշրջան մը բացաւ Հայաստանի համար, եւ մենք պատրաստ ենք աշխատիլ Ձեզ հետ՝ օգնելու իրագործել կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու, անկախ դատական համակարգի, քաղաքական եւ տնտեսական մրցակցութեան վրայ հիմնուած ներկայացուցչական ու հաշուետու կառավարում եւ իրաւունքի գերակայութիւն հաստատելու ձեր ժողովուրդի կամքը», – Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական կայքէջի փոխանցմամբ՝ իր ուղերձին մէջ գրած է Տանըլտ Թրամփը:

«Շնորհակալութիւն կը եայտնենք տարբեր հարթակներու վրայ ձեր հաստատուն գործընկերութեան, մասնաւորապէս՝ Նաթօ-ի գործողութիւններուն ձեր մասնակցութեան եւ սուրիացի փախստականները մեծահոգաբար ընդունելու համար», – ըսուած է ուղերձին մէջ:

«Յառաջիկայ ամիսներուն հնարաւորութիւններ կը բացուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար, որ կրնայ նաեւ նոր հնարաւորութիւններ բանալ հայ-ամերիկեան գործակցութեան համար: Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ պետութիւն՝ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատիլ Ձեզ հետ հակամարտութեան տեւական խաղաղ լուծում գտնելու շուրջ», – Փաշինեանին գրած է Թրամփը:

«Այս տարին նաեւ կը նշանաւորուի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ հայ-ամերիկեան բարեկամութեան հարիւրամեակով: Լիայոյս եմ, որ 100 տարի առաջ մեկնարկած մեր գործակցութիւնն այսուհետ առաւել պիտի ամրապնդուի: Այս Առանձնայատուկ հարիւրամեայ յոբելեանի առթիւ լաւագոյն մաղթանքներս կը յղեմ Ձեզ եւ Հայաստանի ժողովուրդին», – ըսուած է ԱՄՆ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment