Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները Այցելած են Եռաբլուր

Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները Այցելած են Եռաբլուր

by MassisPost

Հայաստանի անկախութեան 27-րդ տարեդարձի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

yeraplur-2

Նիկոլ Փաշինեանը ծաղիկներ դրած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անհետ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը եաւերժացնող յուշահամալիրին, ըսուած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

yeraplur-3

yeraplur-4

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment