Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Հայաստանի Անկախութեան Տօնը Եւ Հայուն Նոր Մարտահրաւէրները

Հայաստանի Անկախութեան Տօնը Եւ Հայուն Նոր Մարտահրաւէրները

by MassisPost

hampartsum-aghbashianՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

21 Սեպտեմբեր 1991 թուականը անկիւնադարձ մը եղաւ մեր ազգի կեանքին մէջ, երբ հայերը  99.5 տոկոսով  քուէարկեցին երկիրը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու, եւ այդպիսով հռչակուեցաւ Հայաստանի վերանկախացումը եւ երրորդ հանրապետութեան ծնունդը, որ ներկայիս կը  յարատեւէ բարդ եւ դժուար պայմաններու մէջ: Անկախութեան տօնակատարութիւնը այս տարի իրեն ուրոյն համն ու հոտը պիտի ունենայ, երբ մեր հայրենիքին մէջ խաղաղ ճանապարհով տապալուեցաւ սակաւապետներու իշխանութիւնը: Ներկայիս, մեր ժողովուրդը՝ մեծամասնութեամբ, եւ ի մասնաւորի անոր ճնշուած խաւը ուրախ եւ մեծ յոյսերով ու պայծառ հեռանկարներով կ՛ապրի՝ փայլուն ապագայի ակնկալութեամբ: Եկէք բոլորս միասին աշխատինք եւ ջանանք կերտել մեր նոր Հայաստանը:

Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, մենք ունեցանք հայկական պետութիւն մը որմէ կ՛ակնկալուէր հզօր հայրենիք կերտել, երկրի տնտեսական վիճակը եւ ժողովուրդի կենսապայմանները բարելաւել, սփիռքահայերը ներգրաւել ու անոնց ներդրումները ապահովել հայրենիքի մէջ։ Սակայն, երբե՛ք այդպէս չեղաւ եւ ամէն ինչ սահմանափակ մնաց: Այո՛, Արցախը ազատագրուեցաւ, բայց Արցախի ազատագրումէն ետք պէտք էր աշխատանք տարուէր՝ բարգաւաճ եւ ծաղկուն նոր Հայաստան մը կառուցելու, սակայն անոր փոխարէն՝ մէջտեղ եկաւ օլիգարխային, սակաւապետական խաւ մը, որ կարճ ժամանակուան մէջ եղաւ երկրի տէրն ու տիրականը:

Անտարակո՛յս, ներկայ Հայաստանը մեր բոլորին ակնկալած ու երազած կացութեան մէջ չի գտնուիր, հետեւաբար, մենք պարտաւոր ենք աւելի՛ ամուր կառչած մնալ մեր հայրենիքին, աշխատիլ անոր գոյութեան ամրապնդման ու յարատեւութեան համար, որովհետեւ անոր ապագան՝ մեր, մեր զաւակներուն ու գալիք սերունդներուն ապագան է, եւ ներկայ առիթը պէտք չէ՛ կորսնցնել, թերեւս անիկա վերջինը ըլլայ:

Հայաստանի ամենամեծ դրամագլուխը իր ժողովուրդն է, իր աշխատող ուժը, իր զարգացած երիտասարդ նոր սերունդը, նոյնպէս՝ աշխարհածաւալ հզօր Սփիւռքը, որմէ պէտք է ամենալաւ կերպով օգտուիլ: Հարկ է պետական եւ ժողովրդական մակարդակներով հսկայ աշխատանք տանիլ եւ ջանք թափել, որ նոր սերունդը բարձր կրթութիւն ստանայ եւ պատրաստ ըլլայ արդի Հայաստան մը կերտելու:

Գաղտնի չէ, որ մեր երկիրը քարիւղի կամ բնական կազի պաշարներ չունի, ոչ ալ հսկայ կամ մեծ ծաւալով ստորգետնեայ բնական հարստութիւններ, սակայն, պահ մը մտածենք, որ Մայքրոսոֆթ-ի (Microsoft) հիմնադիրը (Bill Gates) միլիառատէր մըն է, բայց ան եւս քարիւղի կամ որեւէ բնական հարստութեան հանքեր չունի։ Նմանապէս՝ Facebook-ի տէրը (Zuckerberg) եւ իրենց նման ուրիշներ: Նորվեկիացի աշխարհագրագէտ եւ բնագէտ Տոքթ. Ֆարուք Ալ-Քասիմ, իր «Միտքերու Ներդրումներ» գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ «Նիճերիան հանքարդիւնաբերութեան մէջ ամենահարուստ երկիրներէն է եւ քարիւղ արտահանողներէն մէկը, սակայն, ան ամենեւին բարգաւաճ երկիրներու շարքին չէ, իսկ պատճառը այն է, որ իր ժողովուրդը զարգացած չէ՛. մինչդեռ Սինկափուրը այն երկիրն է, ուր խմելու ջուր իսկ չկար նախապէս, սակայն  այսօր ան Ճափոնէն առաջ է իր քաղաքացիական բարձր եկամուտով: Ներկայիս, միայն յետամնաց ժողովուրդներն են, որոնք կ՛ակնկալեն ստորգետնեայ հարստութիւններով ապահովել իրենց ապրուստը, երբ մարդը դարձած է առաւե՛լ յաջող եւ շահաւէտ ներդրում»։ 

Հայաստանի մէջ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը աշխարհի ամէնէն նորարար կեդրոններու առաջին դիրքերուն վրայ կը գտնուի: Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ, ISTC կեդրոնը կը զարգացնէ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան կրթութիւնը։ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանն ալ իր դերը ունի նոյն ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ արդի առեւտրական գիտութիւններու ուսուցման մէջ. նմանապէս՝ Հայաստանի բոլոր կրթական հաստատութիւնները, որոնց աշխատանքները անպայման զարգացած եւ արդի գիտութեամբ զինուած նոր սերունդ մը պիտի պատրաստեն։ Յիշենք, որ Սփիւռքի մէջ արդէն իսկ ունինք գիտնականներու բանակ մը, որմէ ամենալաւ կերպով պէտք է օգտուիլ։ Սակայն, դեռ աւելի՛ն պէտք է ընել։ Օրինակ, վերջերս, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին զօրավիգ կանգնելու համար, որդեգրուեցաւ բարերարներու «Հարիւր սիւներ – pillars» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ, իւրաքանչիւր մասնակցող տարեկան 10,000 տոլարով պիտի աջակցի համալսարանին՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին։ Եկէք աշխատինք նման բարերարներ ապահովել Հայաստանի Պետական համալսարաններուն եւ բոլոր կրթական ու գիտական հաստատութիւններուն համար եւս:

Հայաստանը արդէն իսկ ժամանակէ մը ի վեր կ՛արտադրէ եւ կը վաճառէ ելեկտրոնային սարքեր, նաեւ տեղեկատուական ճարտարարուեստը (IT-Information Technology) բաւական լաւ սկիզբ առած է հոն, ուր նոյնիսկ օտար ընկերութիւններ մուտք գործած են, ինչպէս՝ Synopsys, Credence, VMware եւ շատ ուրիշ ընկերութիւններ: Հարկ է, որ Սփիւռքի բոլոր գործատէրերը եւ արուեստագէտները մասնակցին այդ արդիւնաբերութեան եւ յաջող առեւտուրի աշխատանքներուն:

Ի վերջոյ, այս բոլոր իրադարձութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Հայաստանը ամբողջովին կ՛ուղղուի դէպի աշխարհայնացում, որուն բարքերէն մէկն ալ այն է, որ երկրին ամբողջ աշխատող ուժը իր ներդրումը կ՛ունենայ երկրի զարգացման գործընթացին մէջ, եւ եթէ պետութեան միջոցներով անհնարին է ըլլայ այդ մէկը, ապա ուրեմն անձնական ճիգերով եւ տաղանդով պէտք է իրականացնել զայն։ Ալ ի՞նչ կը սպասենք. ո՛վ կարողութիւն ունի՝ արդէն ժամանա՛կն է, թող գա՛յ:

Եկէ՛ք միասին կերտենք մեր Նոր Հայաստնը. ՕՏԱՐԸ ՄԵԶԻ ՖԱՅՏԱ ՉՈՒՆԻ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment