Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բաղրամեան 26–ի Դռներն Այսուհետ Բաց Պիտի Ըլլան Ժողովուրդին Համար. Նիկոլ Փաշինեան

Բաղրամեան 26–ի Դռներն Այսուհետ Բաց Պիտի Ըլլան Ժողովուրդին Համար. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Այս պահէն սկսած Բաղրամեան 26–ի դռները բաց պիտի ըլլան հանրութեան համար։ Այս մասին 21 Սեպտեմբերին, ՀՀ անկախութեան 27–ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառման ընթացքին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Դռները կը բացուեն ի նշան այն բանի, որ ՀՀ իշխանութիւնը այլեւս երբեք մեկուսացած ու կտրուած չի լինելու ժողովրդից։ ՀՀ քաղաքացիները այսուհետեւ ազատօրէն կարող են մուտք գործել վարչապետի, յետագայում՝ նախագահի նստավայրի տարածք, եւ այն օգտագործել որպէս զբօսավայր, որպէս ժամանցի վայր։

baghramian-3

Մենք յոյս ունենք, որ այս դռները այսուհետեւ այլեւս երբեք չի փակուի, որ ՀՀ–ում իշխանութիւնն այլեւս անշրջելիօրէն պատկանում է ժողովրդին»,– ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Անոր ելոյթի ժամանակ դարպասները բացուած են եւ մարդիկ մտած են վարչապետի նստավայր։

Հանրապետութեան Հրապարակի Տօնական Միջոցառումները

baghramian-2

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն կիզակէտը Հանրապետութեան հրապարակն է: Դէպի Հրապարակ տանող փողոցներուն մէջ տեղադրուած բեմերուն ու հարթակներուն վրայ ներկայացուեցան մշակութային բոլոր շերտերը՝ երաժշտական ժանրային բազմազանութեամբ: Տօնական միջոցառումները կ’իրականացուէին «դուն անկախ ես» կարգախօսի ներքոյ: Ժամը 16:00-էն Երեւանի Ամիրեան փողոցը ռոքի սիրահարներունն էր: Նոյն ժամուն մայրաքաղաքի Աբովեան փողոցին մէջ իրենց տօնական օրը կրցած են վայելել ճազի սիրահարները: Շահումեան հրապարակին վրայ դասական բեմն էր: Ազգային, ժողովրդական ու գուսանական երաժշտութեան սիրահարներուն եատկացուած էր Տիգրան Մեծ-մհեր Մկրտչեան խաչմերուկը, ուր խոշորածաւալ համերգային ծրագիր ներկայացուած էր: Արամ-նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին հեղինակային երգի համերգ էր, Հիւսիսային պողոտայի մի քանի բեմերը «գայթակղած են» ելեկտրոնային երաժշտութեան սիրահարներուն: Հանրապետութեան հրապարակի հարթակներուն իրականացուած է կաւճանկարչութիւն, վերնիսաժ, քանդակներու ստեղծում, թատերական, էսթրատային, մանկական ներկայացումներ՝ շուրջ երկու տասնեակ գործընկերներու մասնակցութեամբ: Հանրապետութեան հրապարակի վրայ տօնական օրը ամփոփուած է հրավառութեամբ:

baghramian-4

Հանրապետութեան հրապարակին մէջ իրականացուող տօնական միջոցառումներուն մասնակցած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

NEWS.am–ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ վարչապետը մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ շրջած է դուստրերուն հետ, սէլֆիներ ըրած քաղաքացիներուն հետ։

«Եկէք, մի քիչ քայլենք էլի, ժողովուրդ ջան։ Լաւ էլի եղբայր, դուրս եմ եկել երեխաներիս հետ քայլելու»,– անընդհատ կը յորդորէր Նիկոլ Փաշինեանը, սակայն, քաղաքացիները կը շարունակէին լուսանկարուիլ անոր հետ։

Անվտանգութեան աշխատակիցները հազիւ յաջողած էին ճանապարհ բանալ վարչապետին եւ անոր դուստրերուն համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment