Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ «Այն Ինչ(ի)՞է Որ Կը Հաւատանք…

«Այն Ինչ(ի)՞է Որ Կը Հաւատանք…

by MassisPost

jebejianԴՈԿՏ.ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

« Մարդուն հաւատամքը հիմքն է անոր կեանքին ինքնութեանը եւ գործերուն»։  Վեր. Դոկտ.Թրեվըր Ճոնզ (Անկլիքան եկեղեցիի կղերական)

Մի քանի տարիներ առաջ ձեռնարկեցի ուսումնասիրութիւն մը Տուպայի-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումի ու յանձնառութեանը մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը կատարեցի հնդիկ բանուորներու հետ՝առական եւ իքական սեռրէ, որոնք տարբեր տեսակի աշխատանքներու մէջ են իրենց արտասահմանեան աշխատանքային կեանքերու մէջ։ Ինչ խօսք որ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի մէջ կ՚ապրին աւելի քան տասնը եւ հինգ միլիոն բանուորներ՝մեծամասնութեամբ ասիական եւ ափրիկեան երկիրներէ եկած։ Այս բանուորներու ընկերա-տնտեսական ու կենցաղային վիճակները ոչ գոհացուցիչ եւ գնահատելի կարգավիճակներու մէջ են։ Եթէ մէկ կողմէ տնտեսական եկամուտները շատ չնչին են՝բայց նոյնքան նաեւ բժշկական ու կեցութեան պայմանները խեղճ եւ գրեթէ ոչինչ։ Եւ այս բոլորին վրայ պիտի աւելցնել հոգեկան ու հոգեբանական բարդութիւնները եւ ճնշումները որ այս բանուորները կը դիմագրաւեն՝ուր իրնեց կեանքերը կը վերածուին սպառիչ եւ նոյնիսկ անմարդկային իրավիճակներու։

Ուսումնասիրութեան նպատակակէտն էր փորձել տեսնել՝թէ ինչպէս Աստուածաշունչի «Յոյսի» պատգամը իր ներգործութիւնը կ՚ունենայ եւ կրնայ ունենալ այս բանուորներու կեանքերուն համար իրենց օտարերկեայ այս աշխատանքային դժուառին  կեանքերուն համար՝եւ թէ անոնք նոյն այս «Յոյս»ով ինչպէս՞ կրնան դիմագրաւել շատ մը ընկերային-տնտեսական ու հոգեբանական իրենց ճնշումներուն։

Բայց հետաքրքրական էր տեսնել ուսումնասիրութեան արդիւնքները։

Եթէ մէկ կողմէ կը փորձէի առընչել բանուորներու «ընկալումը» Յոյսի պատգամին հետ՝բայց անոնք նախ խօսեցան «հաւատքի» գիտակցութեանը վրայով։ Թէ Աստուածաշունչի շնորհած «հաւատք»ը եւ Քրիստոսով «նոր կեանքի» գիտակցութեանը մէջէն՝իրենց համար դարձած էր գրաւական՝հասնելու համար իրենց կեանքերուն դիմագրաւած բոլոր ճնշումներու։ Անոնք նախ հաստատեցին թէ հաւատքի իւրացումն է որ կը շնորհէ յոյսի ակնկալութիւնը եւ գիտակցութիւնը։ Եւ թէ հաւատքին շնորհած այս «Յոյս»ն է որուն միչոցաւ կրնան նաւարկել իրենց դժուառին կեանքերը…։

Սեպտեմբեր քսան եւ մէկին պիտի նշենք դարձեալ մեր հայրենի իրականութեանը քսան եւ եօթերորդ անկախացման տարեդարձը։ Եթէ անկախութիւնը այս պարագային հայ ժողովուրդին տրուեցաւ՝իմմա շնորհուեցաւ՝բայց պատմութեան այս իրադարձութիւնը դարձաւ մեծ Արժէք։ Արժէք՝ուր հայուն կեանքը՝հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին՝ստացաւ ինքնութիւն։ Ինքնութիւն մը՝որ մեզ դարձուց հպարտ անհատ եւ քաղաքացի՝համաշխարհային քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական համակարգերուն մէջ։Աւելին՝մայր հայրենիքի անկախացումը աշխարհասփիւր հայուն համար եղաւ մէկ կողմէ «տուն»՝բայց նաեւ անով՝իմմա հայրենիքով՝մենք ստացանք դիմագիծ։ Մայր հայրենիքի անկախացումը եւ անոր պետականութիւնը տուաւ քաղաքական ինքնութեան մէկ մեծ արժէքը։ Եւ այս քաղաքական ինքնութիւնը՝եւ ի մասնաւորի երիտասարդ սերունդներու համար՝դարձաւ իր ազգային,մշակութային ու ազգակրական դիմագիծը կերտելու մէկ մեծ ապաւէնը։

1991 տարիէն ետք՝մեզի կը՚սպասէր մէկ մեծ առաքելութիւն։ Եւ այս անկախութիւնը շարունակելու բայց մանաւանդ կերտելու ազգային կարեւոր մարտահրաւէրը։ Եւ այս իմաստով՝մեր անկախութիւնը պահելու եւ կերտելու այս գործընթացքը չեղաւ երբեք դիւրին։ Կային ու տակաւին՝միչազգային քաղաքական-ապահովական մտահոգութիւններ եւ վտանգներ՝ինչպէս Ղարաբաղեան պատերազմներ,հայ-Թրքական յարափերութիւն-ճնշումներ, սահմանային (ան)ապահովութիւն ու տակաւին։ Ներ-Հայաստանեան իմաստով տնտեսական տագնապը եղաւ ճնշող իրավիճակ՝եւ որուն մէկ մեծ հետեւանքը հայ ժողովուրդի արտահոսքն է նոյնինքն ինք իր հողէն՝եւ որ ստեղծեց դասական սփիւռքի կողքին մէկ նոր (ոչ փաղձալի) հայկական իրականութիւն մը։ Բայց կար նաեւ քաղաքացիական, պետական ու ընկերային համակարգերու մէջ կաշառակերութեան ընթացող եւ մեծցող ծաւալը։ Եւ այս վերջինը՝ինչ խօսք՝ճամբայ հարթեց «թավշեայ յեղափոխութեան»ը՝եւ որ սկիզբ դրաւ նոր պետական համակարգի մը որ կը խոստանայ ըլլալ արդար եւ թափանցիկ։

« Թավշեայ յեղափոխութենէն» ետք ծայր առած կաշառակերութեան բացայայտումները բաւական ցնցիչ էին։ Եւ չենք ալ գիտեր թէ տակաւին ինչ նոր զարգացումներ կան որ կրնան բացայայտուիլ։ Եւ եթէ պահ մը կանգ առնենք եւ փորձենք վերլուծել այս մեր անկախութենէն անդին անցած պատմութեան տարբեր փուլերը՝եւ ի մասնաւորի ներ-Հայաստանեան կարգավիճակները՝ինչ որ մղիչ տագնապն էր որ ծայր տուաւ «թավշեայ յեղափոխութեան»՝դժուառ պիտի չ՚ըլլայ տեսնել թէ կան բացթողումներ՝բայց մանաւանդ տեղքայլեր։  Տեղքայլ՝մեր քաղաքացիական-ազգային դաստիարակութեան՝իմմա էթիքսի մէջ՝եւ նաեւ բացթողումներ՝մեր կրօնական-քրիստոնէական ու հոգեւոր գիտակցութեան պրիսմակէն։ Այսօր՝ակներեւ է թէ կայ «ամլութիւն» մը մեր հայրենիքի մէջ եւ վերեւ յիշուած դաստիարակչական տարբեր բմագաւառներու մէջ։ Եւ մեկնելով այս դաստիարակչական համընդհանուր եւ պակասաւոր երեւոյթներէն՝արժէ հարց տալ։« Թէ ինչ(ի)՞է որ կը հաւատանք»։ Որովհետեւ՝եւ ինչպէս որ յիշուած է ՝«մեր հաւատամքը հիմքն է մեր ինքնութեան եւ մեր գործերուն»։Եթէ մեր ինքնութիւնը մեր անկախացած հայրենիքն է եւ անոր մէջէն (եւ այդպէս է ու պէտք է որ ըլլայ)՝այս պիտի ենթադրէ թէ մեր գործերը նոյն այս մեր հայրենիք-ինքնութիւնը կերտելու եւ իրագործելու հրամայականին մէջ է ու պէտք է որ ըլլայ։ Եւ ինքնութիւնը ու գործը արդիւնք են մեր կեանքերուն մէջ մեր իւրացուցած հաւատամքին…։

Եթէ հնդիկ բանուորը իր ընկերատնտեսական դժուառ իրավիճակներու մէջէն նաւարկելու համար գտաւ իր յոյսը՝իմմա ինքնութիւնը՝բայց նոյն այդ յոյսին ինքնութիւնը ան ստացաւ իր կրօնական-քրիստոնէական ու Աստուածաշնչական դաստիրակութեան կերտած «հաւատքէն»՝որ եղաւ իր հաւատամքը։ Հապա եւ մենք՞՝ որպէս հայրենիք,պետականութիւն եւ ժողովուրդ՞…։

Եւ հոս արժէ քիչ մը եւս ընդարձակել կարգ մը տեսութիւններ։

Քրիստոնէական Աստուածաբանութիւնը մարդը ու հաւաքականութիւնը փոխելու իրականութեանը մէջ կը կայանայ։ Աստուծոյ «մարդեղացումը» եւ անոր իրականութիւնը՝որուն միչոցաւ մարդուն եւ աշխարհին «նոր կեանք» շնորհուեցաւ։ Եւ թէ այս նոր կեանքի գիտակցութիւնը երկնային իրականութիւն չէ միայն՝այլ երկրային՝ուր այս նոր կեանքը կ՚ապրիս աշխարհին մէջ։ Եւ այս «նոր կեանք»ը՝իմմա մարդկային կեանքի մէջ յառաջացած ու յառաջացուցած «փոփովութիւնը»՝ունի շարունակականութեան հիմք եւ գործընթացք։ Մարդը որ կը «փոխուի»՝պարտի նաեւ «փոխել» ուրիշը։ Եթէ Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը՝Ան եղաւ ստեղծագործ։ Բայց Ան աշխարհը ու մարդը ստեղծելով՝նոյն մարդուն նաեւ ըրաւ ստեղծագործ։ Աստուած փոխեց մարդը ու յանձնառարեց որ նոյն մարդը փոխէ ուրիշը։ Այս իմաստով՝Քրիստոնէական Աստուածաբանութիւնը «փոխուող» եւ «փոխող» իրականութիւն է։ Եւ փոխուող ու փոխող իրականութիւնը «նոր կեանքի» գիտակցութեանը մէջ է։ Եւ հոստեղէն պիտի հասկնալ թէ ինչպէս առաջին դարու եկեղեցին՝եւ իր ընդհանրական հասկացողութեան մէջ՝սկիզբ առաւ «փոխուած» հաւաքականութեան մը միչոցաւ՝եւ որուն՝իմմա եկեղեցիին առաքելութիւնը դարձաւ եւ մինչեւ այսօր՝«փոխել» կեանքեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Ս. Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետը՝Քրիստոնէական Աստուածաբանութիւնը կը ներկայացնէ որպէս «միտք»ը եկեղեցւոյ։ Ան այս «միտք»ին արգասիքը կը դնէ հետեւեալ ձեւով։ «Եկեղեցին ինքզինք կ՚արտայայտէ աստուածաբանութեան ճամբով.աստուածաբանութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչին,եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն ու տիեզերական ժողովներու վրայ։ Աստուածաբանութեան աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է»։

Եւ այս «միտք»ը՝ու նոյն «մտք»ին դաստիարակութիւնն է որ մենք պէտք է աւելիով ներմուծել մեր ներկայ օրերու հայրենի ու հայ ժողովուրդի իրականութեանը մէջ։ Եւ ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ ըսելով՝« Աստուածաբանութիւնը չի կրնար ապաքաղաքական ըլլալ,որովհետեւ ան կանչուած է իր տեսակէտն ու կեցուածքը արտայայտելու ընկերութեան կեանքին հետ աղերս ունեցող հարցերուն…»։

Հայրենիքի անկախութիւնը հայուն ազգային-քաղաքական ինքնութիւնն է։ Եւ այս անկախութիւնը եւ անոր ինքնութիւնը եթէ մէկ կողմէ պիտի պահել՝բայց նաեւ շինել։ Եւ պիտի շինել՝«Նոր»ին գիտակցութեանը համար եւ անոր մէջ։

Եւ «թավշեայ յեղափոխութիւնը»՝որուն տեսլականը «փոխել» էր տիրող համակարգը՝պիտի կարենայ շարունակել գոյատեւել եթէ կայ գիտացութիւնը։ Թէ հայը ինչ(ի)՞է որ կը հաւատայ։

Կը հաւատայ «մտքին»՞…։ Որ կը «փոխուի»՞ եւ կը «փոխէ»՞…։«Նոր Կեանքի» տեսլականովը՞…։

Հայրենիքը եւ անոր պետականութիւնը՝ու տակաւին անկախութիւնը՝մեր ազգային հպարտութիւնն է։ Եւ այս հպարտութիւնը պիտի տանինք դէպի լուսաւոր ապագան։ Եւ լուսաւոր ապագան՝«նոր կեանք»ի մէջ է՝եւ արժէ որ զայն դարձնենք հիմքը մեր ինքնութեան եւ գործերուն։

Այն ինչ(ի)՞ է որ կը հաւատանք…։

Անպայմանօրէն «Նոր Կեանք»ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment