Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քալիֆորնիոյ Համալսարանէն Ներս Յառաջիկային կը Նախատեսուի Հայագիտութեան Կեդրոն Բանալ

Քալիֆորնիոյ Համալսարանէն Ներս Յառաջիկային կը Նախատեսուի Հայագիտութեան Կեդրոն Բանալ

by MassisPost

«Կրթութիւնը ժողովրդավարական հասարակութեան զարգացման ու տնտեսական առաջընթացի անկիւնաքարերից է, եւ ՀՀ կառավարութիւնը, հաշուի առնելով ՀՀ կրթական մեծ ներուժը նորարարութիւնների եւ ՏՏ ոլորտում, նպատակադրել է բարեփոխումներ իրականացնել Հայաստանն ագրարայինից թեխնոլոկիական երկիր դարձնելու ուղղութեամբ»։ Այս մասին նշեր է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ամերիկահայ անուանի բժիշկ, ԱՄՆ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Տէյվիտ Կեֆէնի անուան բժշկական քոլեճի համաղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, դոկտոր Էրիք Էսրաիլեանի եւ ԱՄՆ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի ղեկավար, կենսաբան, ակադեմիկոս Կին Պլոքի հետ հանդիպման:

Վարչապետը կարեւորեր է հայաստանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի միջեւ համագործակցութեան զարգացումը, որն ալ իր հերթին պիտի նպաստէ հայ-ամերիկեան կրթական կապերու յետագայ խորացման:

Կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ Էրիք Էսրաիլեանը եւ Ճին Պլոքը յաջողութիւն մաղթեր են ՀՀ կառավարութեան՝ բարեփոխումներու օրակարգը կեանքի կոչելու գործին վերաբերեալ: Անոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտներ են աջակցելու այդ գործընթացին՝ մասնաւորապէս, ձեռնարկատիրութեան, թեխնոլոկիաներու, ճարտարագիտութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման, փորձի փոխանակման եւ կրթական ծրագիրներու իրականացման միջոցով:

Էրիք Էսրայէլեանը նաեւ տեղեկացուցած է է վարչապետ Փաշինեանին, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ յառաջիկային կը նախատեսուի Հայագիտութեան կեդրոն բանալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment