Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Լրագրողներ Առանց Սահմանի» Կազմակերպութիւնը Դատապարտած է Yerevan.Today-ի Դէմ Եղած Խուզարկութիւնը

«Լրագրողներ Առանց Սահմանի» Կազմակերպութիւնը Դատապարտած է Yerevan.Today-ի Դէմ Եղած Խուզարկութիւնը

by MassisPost

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ Yerevan.Today կայքի խմբագրութենէն ներս նախօրէին ոստիկանութեան իրականացուցած խուզարկութիւնը՝ ընդգծելով, որ այն կը խախտէ լրագրողական աղբիւրներու գաղտնիութիւնը:

«Yerevan.Today-ի տարածքին մէջ խուզարկութիւն իրականացնելը եւ սարքաւորումներու առգրաւումը լրագրողական աղբիւրներու պաշտպանութեան սկզբունքի կոպիտ խախտում է, որ երաշխաւորուած է Հայաստանի օրէնսդրութեամբ եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կողմէն: Կը ցաւինք, որ ոստիկանութիւնն առաւել համաչափ եղանակ չէ գտած իրենց օրինական նպատակին հասնելու համար», – շեշտած է «Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիայի բաժնի ղեկավար Եոհան Պիհրը:

Յիշեցնենք, որ Yerevan.today կայքի խմբագրութենէն ներս խուզարկութիւն իրականացուցած էին ոստիկանութեան եւ Քննչական կոմիտէի աշխատակիցները։

«Խմբագրութենէն ներս կատարուող խուզարկութիւնը որեւէ կերպ առնչութիւն չունի իրականացուող լրագրողական գործունէութեան հետ, այլ բացառապէս ուղղուած է ապահովելու քրէական գործով բազմակողմանի, առարկայական եւ լրիւ քննութիւնը, ստուգելու քրէական գործով ձեռք բերուած նախնական տուեալները, պարզելու երկու իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներուն հեռախօսազրոյցը գաղտնի ձայնագրելու եւ տարածելու եղանակը եւ էական նշանակութիւն ունեցող շարք մը հանգամանքներ»,– յայտնած էին քննչական կոմիտէէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment