Home ՍՓԻՒՌՔ Գահիրէի մէջ Աւարտին կը Մօտենան Հայկական Գերեզմանոցի Վերականգնման Աշխատանքները

Գահիրէի մէջ Աւարտին կը Մօտենան Հայկական Գերեզմանոցի Վերականգնման Աշխատանքները

by MassisPost

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ աւարտին կը մօտենան հայկական գերեզմանոցի վերականգնման աշխատանքները: Այս մասին գրած է Reuters գործակալութիւնը «Վերականգնուած գերեզմանոցը ցոյց կու տայ Գահիրէի մէջ հայերու պատմութիւնը» խորագիրով յօդուածի մը մէջ:

Գերեզմանոցը կ՛արտացոլէ Գահիրէի մէջ հայկական համայնքին պատմութիւնը: Աշխատողները արդէն ամրացուցած են եւ մաքրած են գերեզմանաքարերը, տեղադրուած կիսանդրիները:

«Կար ժամանակաշրջան մը, երբ այս վայրը անտէրութեան մատնուած էր, եւ անիկա վերանորոգելու ծրագիրը հոյակապ նախաձեռնութիւն էր»,- նշած է աշխատանքները համակարգող հնաբան Նայիրի Համբիկեան: Ան յայտնած է, որ յայտնաբերուած են գերեզմանաքարեր, որոնք կը թուագրուին մինչեւ 1830-ական թուականները:

cairo-armenian-cemetery-2

Վերանորոգման աշխատանքները մեկնարկած էին դեռ 2014-ին, անոնք աւարտին պիտի հասնին 2018-ի վերջը: Անիկա հնարաւոր դարձած է հայկական եկեղեցւոյ ու համայնքի նիւթական աջակցութեան շնորհիւ:

«Reuters» գրած է, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ սկսած են հաստատուիլ 10-12-րդ դարերուն, իսկ 1844 թուականին Մուհամմէտ Ալի Փաշան հայերուն յանձնած էր առանձին հողակտոր, որ ներկայիս յայտնի է իբրեւ հին իսլամական Գահիրէ:

«Հայերու քանակը Եգիպտոսի մէջ կը տատանուէր՝ կապուած երկրի քաղաքական ու տնտեսական իրադրութեան հետ: Սակայն, Առաջին աշխարհամարտի դէպքերէն ետք, երբ օսմանեան ուժերը 1915-ին սպաննեցին աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր, մեծ թիւով հայեր գաղթեցին Եգիպտոս եւ միւս երկիրներ»,- գրած է լրատուամիջոցը՝ ընդգծելով, որ հայերը հաստատուեցան համաշխարհային քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Գահիրէ եւ Ալեքսանդրիա, ուր կը բնակին նաեւ իտալական ու յունական համայնքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment