Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Պիտի Ունենայ Ամերիկահայութեան Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Պիտի Ունենայ Ամերիկահայութեան Հետ

by MassisPost

Այս շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներ պիտի ժամանէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Նիւ Եորքի մէջ մասնակցելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տարեկան ընդհանուր ժողովի եւ ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի անունով:

Այս առթիւ Փաշինեան պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ:

Նախատեսուած է նաեւ վարչապետի հանդիպումը Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 23-ի երեկոյան Նիւ Եորքի մէջ:

Վարչապետը պիտի այցելէ նաեւ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս տեղի ունենալիք Հայաստանին նուիրուած ցուցահանդէսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment