Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արամ Սարգսեանի Ելոյթը Բարեկամական էր, Թշնամանք Չկար. Արտակ Զէյնալեան

Արամ Սարգսեանի Ելոյթը Բարեկամական էր, Թշնամանք Չկար. Արտակ Զէյնալեան

by MassisPost

«Արամ Սարգսեանի երեկուայ ելոյթը միայն արտայայտում էր բարեկամին յատուկ մտահոգութիւն»: «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանելով Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակ «Լոյս» դաշինքի մաս կազմող «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանի ելոյթը, նման կարծիք յայտնեց դաշինքի քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Զէյնալեանը:

Սարգսեանն իր ելոյթին մէջ քննադատած էր վարչապետին, պնդելով, թէ Փաշինեանը հակայեղափոխութեան փորձերու մէջ կը մեղադրէ իր հետ ճանապարհ անցած խումբը: «Արամ Սարգսեանի խօսքը մտերմիկ էր, բարեկամական, բարի, դրա մէջ չկար ակրեսիա, չկար հեգնանք, չկար սարքազմ, դրա մէջ կար մտահոգութիւն բարեկամին ներյատուկ»,- ըսաւ Զէյնալեանը:

«Ազատութեան» հարցին՝ արդեօ՞ք քարոզարշաւի ընթացքին հնչած ելոյթները մտահոգութիւն չեն առաջացներ, որ երբեմնի դաշնակիցներուն միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններն այլեւս պիտի չշարունակուին, Զէյնալեանը պատասխանեց՝ իրենք պիտի շարունակեն բարեկամական յարաբերութիւնները:

«Գործընկերային յարաբերութիւնները շարունակուում են: Մենք համարել ենք, որ երկրում չունենք թշնամիներ, որոնց պէտք է մղել դուրս: Որեւէ մէկին լուսանցք չենք մղելու: Մենք բարեկամական յարաբերութիւնների մէջ ենք մեր «Ելք» խմբակցութեան միւս գործընկերների հետ: Նրանք մեր գործընկերներն են, մեր մրցակիցներն են: Մենք այլ ձեւաչափով ենք մասնակցում աւագանու ընտրութիւններին եւ պատրաստուում ենք ստանձնել Երեւանի կառավարման պատասխանատուութիւնը»,- շարունակեց «Լոյս» դաշինքի թեկնածուն:

Արտակ Զէյնալեանը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւն աննախադէպ կը համարէ: Ան կոչ կ’ընէ՝ վերադառնալ բարի մթնոլորտին: «Այն բառամթերքը, որ օգտագործուում է, կամ թեխնոլոկիաները, որ օգտագործուում են, մնացուկներ են եւ անհամապատասխան են այն իրավիճակին, որ ստեղծուած է: Չի մասնակցում այն ուժը, որը մշտապէս ասոցացուում է բիրտ ուժի, զոռպայութեան հետ: Կարծում եմ՝ քարոզարշաւը պէտք է անցկացուէր այլ լոյսի ներքոյ»,- ըսաւ Արտակ Զէյնալեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment