Սեպտեմբեր 8-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետի միջեւ բանակցութիւններ: Աւարտէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան ղեկավարը հրաւիրեր է Երեւան եւ կ’ակնկալէ, որ մօտ ապագային ան պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ:
Երկու երկիրներու նախագահներու յառաջիկայ հանդիպումը պիտի դառնայ հինգերորդը Մայիս 8, 2018-էն ետք, երբ Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ ընտրուեցաւ:
Սեպտեմբերի վերջերը, ինչպէս «Իզվեսթիային» յայտնած է երկրի ղեկավարի օգնական Եուրի Ուշաքովը, Վլատիմիր Փութինը մտադիր է նաեւ այցելել Ատրպէյճան: