Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդը Սեպտեմբեր 14-ին, փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ թանգարանի տնօրէն ընտրեց ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը։
Ներկայացուած 4 թեկնածուներէն 2-ին՝ Արմէն Ասրեանին եւ Ստեփան Ստեփանեանցին օգտին ոչ ոք չէր քուէարկած, Հայկ Դեմոյեանի օգտին քուէարկած էր 2 հոգի, իսկ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեանն ընտրուած է 11 կողմ ձայներով։
Յարութիւն Մարութեանը գիտութեան ոլորտէն ներս 34 տարուան աշխատանքային փորձառութիւն ունի, իսկ վերջին երկու տարիներուն ԳԱԱ արդիականութեան, ազգաբանութեան բաժնի գլխաւոր գիտաշխատողի պաշտօնակատարն է, հեղինակ է 100-է աւելի գիտական աշխատանքներու, այդ շարքին՝ ցեղասպանութեան թեմայով: 2011-ին արժանացած է նաեւ ՀՀ նախագահի մրցանակի՝ ցեղասպանութեան բնագաւառէն ներս աշխատանքներ իրականացնելու համար: