Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱԱԾ եւ ՅՔԾ Ղեկավարներու Հեռախօսազրոյցի Գաղտնալսման Դէպքի Առթիւ Քրէական Գործ Յարուցուած է

ԱԱԾ եւ ՅՔԾ Ղեկավարներու Հեռախօսազրոյցի Գաղտնալսման Դէպքի Առթիւ Քրէական Գործ Յարուցուած է

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը նոր քրէական գործ յարուցեր է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ հեռախօսազրոյցի գաղտնալսման եւ հրապարակման դէպքի առթիւ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ քրէական գործի յարուցման համար նկատի ունեցեր են գործի նիւթերու տուեալները, եւ այն, որ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներու բովանդակութիւնը կը պարունակէ պաշտօնական լիազօրութիւններու անցման յանցագործութեան առերեւոյթ առկայութիւնը մատնանշող տուեալներ։

Քրէական գործը յարուցուեր է 309 յօդուածի առաջին մասի յատկանիշներով՝ «Պաշտօնատար անձի կողմից դիտաւորութեամբ այնպիսի գործողութիւններ կատարելը, որոնք ակնյայտօրէն դուրս են եկել նրա լիազօրութիւնների շրջանակից եւ էական վնաս են պատճառել անձանց, կազմակերպութիւնների իրաւունքներին ու օրինական շահերին, հասարակութեան կամ պետութեան օրինական շահերին»:

Հարցին, թէ արդեօք գործով որեւէ կարգավիճակ պիտի ունենան հեռախօսազրոյց ունեցած բարձրաստիճան երկու պաշտօնեաները՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրենը եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետը, գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանն ըսած է. – «Քրէական գործը յարուցուել է հրապարակումների եւ ձայնագրութեան բովանդակութեան մէջ պաշտօնէական լիազօրութիւնների անցման առերեւոյթ առկայութիւնը մատնանշող տուեալների պարունակման հետ կապուած: Նախաքննութիւնը յետագայում կը տայ բոլոր հարցերի պատասխանը»:

Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ դրական որակած է քրէական գործի յարուցումն ու գայթակղութեան կիզակէտին յայտնուած պաշտօնեաներու՝ հանրութեան առջեւ հանդէս գալը։ Ան, սակայն, կը կարծէ, որ Վանեցեանն ու Խաչատրեանը պատասխանատուութեան պէտք չէ ենթարկուին։

«Այդ զրոյցից չի բխում, որ նրանք պէտք է հրաժարական տան, որովհետեւ այդ զրոյցը իր մէջ չի պարունակում որեւէ աներեւակայելի բան», – կարծիք յայտնած է իրաւապաշտպանը:

Իրաւապաշտպանի խօսքով՝ աշխարհի մէջ նման գաղտնալսումները քիչ չեն, բայց Հայաստանի մէջ այն «հակայեղափոխութեան ձեռքի գործն է»․ – «Չնայած ես ապացուցել չեմ կարող, ես գիտեմ, որ դա գալիս է այն չակերտաւոր «սեւ ուժերի» խոռոչից: Բնական է՝ դա հակայեղափոխական է եւ տեղաւորուում է վերջին մի քանի ամիսների համաթեքսթում»:

Վարդան Յարութիւնեանի կարծիքով՝ իրաւապահներու քննութեան կեդրոնը պէտք է ըլլայ դատաւորի դրուագը։ Յիշեցնենք՝ դատաւոր Հրաչ Մարգարեանը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ՝ պնդելով, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնին անձամբ չի ճանչնար, անոր չէ զանգած եւ անոր հետ երբեւիցէ որեւէ հեռախօսային խօսակցութիւն չէ ունեցած․ – «Դա կարելի է դիտարկել որպէս լիազօրութիւնների անցում եւ պէտք է դա անպայման հետաքննուի, պարզուի՝ եղել է իրօք զանգ, թէ չի եղել, եթէ եղել է՝ ապա ինչո՞ւ է զանգահարել եւ ինչ յանձնարարութիւններ է ստացել դատաւորը: Եթէ՝ եղել է նման զանգ»:

Մարտի 1-ի գործով տուժողներու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչ Վահէ Գրիգորեանը, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ անդրադառնալով գաղտնալսման թեմային, եւս ողջունած է քրէական գործի յարուցումը։ Գրիգորեանն անդրադարձած է նաեւ դատաւորի դրուագին՝ պնդելով՝ քննութիւնը պէտք է պարզէ բոլոր հանգամանքները․ – «Դատաւորի նկատմամբ ապօրինի ճնշումը յանցագործութիւն է: Եթէ այդ յանցակազմի տարրերը առկայ են, ուրեմն դա յանցագործութիւն է: Այստեղ երկրորդ կարծիք լինել չի կարող, պէտք է պարզեն՝ այդպիսի բան եղել է, թէ չէ»:

Քրէական գործն ուղարկուած է Քննչական կոմիտէ։ Գործը վարոյթ ընդունելէ ետք Կոմիտէն արդէն սկսեր է քննութիւն իրականացնել, «Ազատութեան» փոխանցած է կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment