Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանը Պէտք Է Փառք Տայ որ Կ’ապրի Նոր Հայաստանի մէջ

Քոչարեանը Պէտք Է Փառք Տայ որ Կ’ապրի Նոր Հայաստանի մէջ

by MassisPost

Այս շաբաթ Հայաստանը ցնցուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ որ, գաղտնալսուած է ու արձանագրուած՝ երկրի ամենէն կարեւոր օղակները նկատուող Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան եւ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան պետերուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութիւնը՝ Մարտի 1-ին առնչուող դատական գործերուն վերաբերեալ: Ձայնագրութեան համացանցի վրայ յայտնուիլը եկաւ զգուշացնելու, որ նախկին իշխանութեան շրջապատը տակաւին ներկայ են այդ մարմիններէն ներս եւ ունին միջոցներն ու սարքաւորումները, նման գործողութիւններ իրականացնելու, նոյնիսկ երկրի թիւ մէկ գաղտնի սպասարկութենէն ներս:

Այս ուղղութեամբ յատկանշական էր Ռոբերդ Քոչարեանի գրասենեակի հրապարակած երկար յայտարարութիւնը, ուր Փաշինեանն ու իր իշխանութիւնը կը մեղադրուին Մարտի 1-ի գործով քաղաքական հետապնդումներ իրականացնելու մէջ: Նոյնպէս կոչ կայ հասարակութեան՝ «թոյլ չտալ, որպէսզի Հայաստանը ժողովրդավարական երկրից վերածուի ամբոխավարական ձախողուած պետութեան»:

«Ժողովրդավարական երկրի» մասին այս խօսքերը կը պատկանին մարդու մը, որու իշխանութեան տարիներուն տեղի ունեցան 39 քաղաքական սպանութիւններ, երկու մեծ ոճրագործութիւններ՝ Հոկտեմբեր 27 եւ Մարտի 1, ընդդիմադիր գործիչներ յայտնուեցան բանտերու մէջ, փակուեցան անկախ հեռատեսիլի ալիքները եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կողմէ Հայաստանը դասուեցաւ ոչ ազատ երկիրներու շարքին:

Քոչարեան կը խորհի թէ ժողովուրդի յիշողութիւնը այդքան կարճ է եւ յանդգնութիւնը ունի նման կոչը ուղղուելու: Այդ ժողովուրդը մի քանի ամիս առաջ տապալեց իրենց բռնատիրական վարչակարգը եւ կը պահանջէ նոր իշխանութիւններէն՝ դիմել աւելի կտրուկ քայլերու, ամբողջութեամբ թեւաթափ ընելու համար գրէաօլկարխիկ համակարգի մնացորդացը, քանի որ յեղափոխութեան ձախողումը սոսկ Փաշինեանի ձախողումը չէ, այլ՝ ամբողջ Հայ ազգի:

Փոխանակ նման ծիծաղելի կոչեր հրապարակելու, Քոչարեան ու իր նմանները թող փառք տան, որ կ՛ապրին նոր Հայաստանի մէջ, այլապէս առաջին օրէն յայտնուած պիտի ըլլային բանտերու մէջ եւ իրենց ձեռքէն խլուած պիտի ըլլար ապօրէն կերպով դիզած հարստութիւնը, որ այժմ կ՛օգտագործեն խարխլելու համար պետութեան հիմքերը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment