Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Եղբօրորդին Ազատ Պիտի Արձակուի 50 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց

Սերժ Սարգսեանի Եղբօրորդին Ազատ Պիտի Արձակուի 50 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց

by MassisPost

Դատարանը հրապարակած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդի՝ Հայկ Սարգսեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ որոշումը․ ան 50 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի՝ այդ գումարը վճարելուն պէս:

33-ամեայ Հայկ Սարգսեանը կալանաւորուած էր 11 Յուլիսին եւ կը մեղադրուէր սպանութեան փորձի՝ 11 տարի առաջ տեղի ունեցած յանցագործութեան համար:

2007 թուականին Դաւիթ Սիմոնեանը հիւանդանոց տեղափոխուած էր հրազէնային վնասուածքով: Գործը, սակայն կարճուած էր, քանի որ ոստիկանութիւն ներկայացած էր ոմն Արթուր Ղեւոնդեան եւ յայտնած, թէ անզգուշաբար կրակած է ընկերոջ վրայ: 11 տարի անց, սակայն, Դաւիթ Սիմոնեանը, որ վերջին քանի մը ընտրութիւններուն ժամանակ հանրապետականներու վստահուած անձը եղած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի տեղամասերէն մէկուն մէջ եւ մշտապէս խոչընդոտած է լրագրողներու աշխատանքը, նոր ցուցմունքներ տուած է՝ նշելով, որ իրականութեան մէջ իրեն փորձած են սպանել, իսկ սպանութեան փորձը կատարած է Հայկ Սարգսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment