Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան․ Հայաստանի եւ Վրաստանի Յարաբերութիւնները Փայլուն են

Նիկոլ Փաշինեան․ Հայաստանի եւ Վրաստանի Յարաբերութիւնները Փայլուն են

by MassisPost

«Վրաստանի վարչապետի կողմէն շատ բարետենչ ծրագիր է առաջարկուել, եւ մենք լիովին պաշտպանում ենք այդ ծրագիրը․ յստակ խնդիր է ձեւակերպուել յառաջիկայ տարիների ընթացքում փոխադարձ առեւտուրը, առեւտրաշրջանառութիւնը հասցնել մէկ միլիառ տոլարի մակարդակի: Եւ սա մի թեմա է, որի նկատմամբ մենք բոլորս կարող ենք դիրքաւորուել, ունենալ յստակ ճանապարհային քարտէզ եւ պայմանաւորուած քայլերով գնալ դէպի այդ խնդրի լուծումը», – բանակցութիւններու աւարտին հրաւիրուած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Բանակցութիւններէն ետք Վրաստանի վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի ու Վրաստանի տարեկան առեւտրաշրջանառութիւնը կը հասնի 400 միլիոն տոլարի, իսկ Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, Հայաստանի առեւտրաշրջանառութիւնը Վրաստանի հետ 2017 թուականին կազմած է մօտ 249 միլիոն տոլար:

Հայաստան կատարած այցէն առաջ Ատրպէյճանի մէջ առեւտուրի ծաւալներուն զարկ տալու մտադրութեան մասին յայտարարած Պախտաձէն նաեւ ընդգծած է, թէ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն մէջ կայ չօգտագործուած մեծ ներուժ:

Վրաստանի նորընտիր վարչապետը յայտնած է, որ իր երկիրը անցած է բարեփոխումներու մարտահրաւէրներով լի երկար ճանապարհ, հիմա ալ կ’աշխատին բարեփոխումներու նոր ծրագրերու վրայ եւ այդ հարցին մէջ եւս պատրաստ են համագործակցիլ Հայաստանի հետ:

«Մենք հասկցանք, որ մեզի պէտք է աւելի յաճախ հանդիպիլ եւ աւելի երկար զրուցել», – ըսած է Փաշինեանը, – «քանի որ հայ-վրացական օրակարգին մէջ քննարկման արժանի հարցերը շատ են։ Ամէն պարագայի կրնանք արձանագրել, որ ամէն այցի հետ մեր երկիրներու յարաբերութիւններու մակարդակը աւելի կը բարձրանայ, մթնոլորտը աւելի բարեկամական եւ աւելի ջերմ կը դառնայ»:

Նիկոլ Փաշինեանը յիշեցուցած է, թէ վարչապետ ընտրուելէն ետք իր Վրաստան կատարած այցի ժամանակ յարաբերութիւններու ինչպիսի բանաձեւ առաջ քաշած էր. Վրաստանի մէջ պէտք է համոզուած ըլլան, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողմէն չկայ որեւէ դաւադրութիւն կամ սպառնալիք Վրաստանի կամ վրաց ժողովուրդի նկատմամբ եւ հակառակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment