Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան եւ Փութին Հանդիպեցան Մոսկուայի մէջ

Փաշինեան եւ Փութին Հանդիպեցան Մոսկուայի մէջ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 8-ին, Քրեմլինի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կայացած հանդիպումէն ետք, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր  Փութին ըսած է որ, այսօրուայ դրութեամբ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կայուն կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով: Այդ կը  վերաբերի քաղաքական յարաբերութիւններու ոլորտին, ռազմական ոլորտին, անվտանգութեան հարցերուն եւ տնտեսական համագործակցութեան: Փաշինեան իր կարգին ըսած է. – «Մենք, ի հարկէ, ունենք փայլուն յարաբերութիւններ, բայց, կարծում եմ, պէտք չէ դրա վրայ կանգ առնել. յատկապէս մեծ ներուժ ունենք քաղաքական, տնտեսական, ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ոլորտներում եւ ընդհանրապէս հումանիտար կապերի ամրապնդման առումով: Ի հարկէ, մենք  շահագրգռուած ենք մեր յարաբերութիւնների հետագայ զարգացմամբ եւ սերտացմամբ. նկատի ունեմ ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւնները, այլեւ համագործակցութիւնը եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, եւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան շրջանակում, եւ ընդհանրապէս միւս ոլորտներում»:

Լրագրողների հետ զրոյցի ընթացքին Փաշինեան  անգամ մը եւս շեշտած է, որ այդ համագործակցութիւնը կայ, առաջ կ՛երթայ եւ այս ոլորտէն ներս վիճակը նոյնպէս աւելի լաւ է, քան նախկինին:

«Արդեօք Վլադիմիր Փութին հետ որեւէ հայաստանցի նախկին պաշտօնեայի (խօսքը ենթադրաբար  Ռոպերթ Քոչարեանի մասին էր) ճակատագիրը քննարկուած է». այս հարցին  Փաշինեան պատասխանեց՝ որեւէ նման հարց չէ քննարկուած:

Փաշինեանը  նաեւ տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ չէ քննարկուած  Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Ատրպէյճանի անդամակցութեան հարցը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստան կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին Մոսկուայի մէջ հանդիպում  ունեցած   ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարարներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment