Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստան Չեղեալ Յայտարարած է Միքայէլ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզումը

Ռուսաստան Չեղեալ Յայտարարած է Միքայէլ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզումը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզումը Ռուսաստանի տարածքին չեղեալ յայտարարուած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս»-ը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:

«2008-ի Մարտի 1-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն համար մեղադրուող Յարութիւնեանի նկատմամբ յարուցուած գործն ուսումնասիրելու ժամանակ որոշում կայացուած է Ռուսաստանի տարածքին հետախուզումը չեղեալ յայտարարել»,- ըսած է գործակալութեան աղբիւրը:

Ան աւելցուցած է, որ այդ պարագային Ռուսաստանի մէջ Միքայէլ Յարութիւնեանին ոչինչ կը սպառնայ: Սակայն ան նշած է, որ Յարութիւնեանը կրնայ ձերբակալուիլ եւ փոխանցուիլ Հայաստանին, եթէ յայտնուի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ այլ երկիրներու մէջ:

Գործակալութեան աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարը ձերբակալելու եւ Հայաստանին փոխանցելու մասին դիմումը Ռուսաստանի մէջ ստացած են որոշ ժամանակ առաջ ոչ թէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն, այլ միջազգային հետախուզման գծով: Անոր խօսքով՝ Յարութիւնեանը ձերբակալելու թոյլտուութեան մէջ նշուած է նաեւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ անոր տան հասցէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment