Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է

Նախկին Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտնած է, որ Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը (ՀՔԾ) իրեն մեղադրանք  առաջադրած է եւ երկրէն չհեռանալու մասին ստորագրութիւն վերցուցած:

ՀՔԾ-ի աղբիւրները  հաստատեցին, որ Աբրահամեանին մեղադրանք  առաջադրուած է պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու եւ ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելուն համար:

Օգոստոսի 30-ին Քննչական Կոմիտէն յայտարարեց որ, Յովիկ Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ նախկին ոստիկանապետ, Արարատի նախկին  մարզպետ Ալիկ Սարգսեանի կողմէ լիազօրութիւնները անցնելու, խարդախութիւն կատարելու առերեւոյթ  դէպքերու վերաբերեալ որոշում կայացուած է եւ գործը ուղարկուած Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն:

Քրէական գործի ծիրէն ներս պարզուած է, որ 2000 թուականին հիմնադրուած «Աւազահատիկ» ընկերութիւնը Արարատի մարզին մէջ զբաղած է հանքարդիւնաբերութեամբ՝ ներգրաւելով  վարկային միջոցներ, կատարած է շուրջ 80 հազար տոլարի ներդրում: Սակայն 2008 թուականին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձինք ստեղծած են արհեստական խոչընդոտներ՝ պահանջելով  ընկերութեան բաժնեմասերու 60 տոկոսը՝ յայտնելով, որ հակառակ պարագային հանքերը չեն շահագործուիր: Նաեւ  բաժնեմասերու 60 տոկոսը պահանջած են ձեւակերպել երկու տարբեր անձերու անունով՝ իւրաքանչիւրին 30 տոկոս:

Աւելի ուշ իրաւապահները յայտարարեցին, որ այս գործին մէջ ներգրաւուած է նաեւ Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը՝ Հենրիկ Աբրահամեանը, որը մէկ այլ՝ ապօրինի զէնք եւ ռազմամթերք պահելու գործով աւելի կանուխ կալանաւորուած էր:

Յովիկ Աբրահամեան իր դէմ  յարուցած գործը որակած է շինծու եւ կապ ունի Սեպտեմբեր 4-ին կայքերէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ իշխանութիւններու գործելաոճը քննադատելուն համար: «Զաւեշտալի է, երբ ոչ ականջահաճոյ հարցազրոյցից յետոյ մարդուն հրաւիրում են ՀՔԾ, ակնյայտ կեղծ մեղադրանք առաջադրում՝  նպատակ ունենալով լռեցնել ցանկացած այլակարծութիւն», – գրած է Աբրահամեան իր Ֆէյսպուքի էջին վրայ:

Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեան համաձայն չէ նախկին պաշտօնեայի պնդումներուն հետ, թէ մեղադրանքն անհիմն է եւ փորձ կը կատարուի ճնշել իր ազատ խօսքը:

«Յովիկ Աբրահամեանի կարողութիւնները, ունեցուածքը, սարերի վրայ կառուցուած առանձնատները եւ Մոնումենտի իւրայատուկ առանձնատունը ցոյց էին տալիս նրա հարստութիւնն ու ունեցուածքը, որը, բնականաբար, իր քրտինքով չէր աշխատել: Բազմիցս Արարատի մարզում ականատես եմ եղել գիւղացիների դժգոհութեանը, թէ ինչպէս էին նրանք զրկուած՝ ջրել իրենց այգիները, թէ ինչպէս էր էդ ամէն ինչը Յովիկ Աբրահամեանի ձկներին ու լճերին ու չգիտեմ ինչերին տրւում, էդ մարդկանց ինչպէս էին նսեմացնում ու ստորացնում Արարատի մարզում: Էնպէս որ, նրա նկատմամբ քրէական գործ յարուցելը, դեռ պէտք էր վաղուց յարուցել», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին  ըսած է Ալեքսանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment