Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միջազգային Փորձագէտները Պիտի Ուսումնասիրեն Ամուլսարի Շահագործման Ազդեցութիւնը Ստորգետնեայ Ջուրերուն Վրայ

Միջազգային Փորձագէտները Պիտի Ուսումնասիրեն Ամուլսարի Շահագործման Ազդեցութիւնը Ստորգետնեայ Ջուրերուն Վրայ

by MassisPost

Կառավարութեան պատուէրով 10 օրէն Հայաստան պիտի ժամանէ միջազգային փորձագէտներու խումբ՝ Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործման պարագային ստորգետնեայ ջուրերուն վրայ հնարաւոր ազդեցութիւնն ուսումնասիրելու համար:

Պաշտօնավարման 100 օրն ամփոփելու ժամանակ այս մասին յայտարարած է բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանը:

«Այն պահին, երբ որ պետութիւնն ունի բաւարար հիմնաւորուած՝ գիտականօրէն, մասնագիտօրէն եւ իրաւաբանօրէն, տեղեկատուութիւն, որ գործունէութիւնը բացասական ազդեցութիւն է ունենալու, դա ըստ էութեան նշանակում է, որ (Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատում) ՇՄԱԳ-ում ներկայացուած տեղեկատուութիւնը ճիշդ չի եղել, եւ կրկին օրէնսդրօրէն, նաեւ քաղաքական առումով պետութիւնը ունի իրաւունք, որպէսզի համապատասխան ճիշդ որոշումը Հայաստանի Հանրապետութեան համար կայացնի», – փոխանցած է նախարարը:

Նախարարը նաեւ պարզաբանած է, թէ ինչ կրնայ ընել կառավարութիւնը, եթէ այս փուլին պարզուի, որ բնապահպանական վտանգներ, այնուամենայնիւ, կան․ – «Առնուազն օրէնսդրութեան շրջանակներում դա կարող է համարուել նոր էքոլոկիական գործօններ, եւ կարող է գնալ նոր փորձաքննական գործընթաց»:

«Ազատութեան» հարցին, թէ «Լիտիանի» ներկայացուցիչները կը խօսին միջազգային իրաւարարական դատարան դիմելու համար, Գրիգորեանն արձագանգած է․ – «Իւրաքանչիւր անհատ, կազմակերպութիւն կարող է խօսել եւ ասել այն ամէնը, ինչ ուզում է: Դա չի նշանակում, որ այդ ամէնը լինելու է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment