Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արմէն Բայբուրդեան Նշանակուած է Լոս Անճելըսի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս

Արմէն Բայբուրդեան Նշանակուած է Լոս Անճելըսի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս

by MassisPost

ՀՀ Արտաքին Գործոց  նախարարութեան 6 Սեպտեմբեր 2018-ի հրամանով Արմէն Վահանի Բայբուրդեանը նշանակուած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս։

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէն։

Արմէն Բայբուրդեանը աւելի քան 10 տարուայ ընդմիջումէն ետք դարձեալ կը վերադառնայ ԱԳՆ համակարգ: Ան այն դիւանագէտներէն էր, որոնք հեռացուած էին դիւանագիտական աշխատանքէ 2008 թուականի ամռանը՝ ընդդիմադիր նախագահի թեկնածու Լեւոն Տեր-Պետրոսեանին սատարելու մասին հրապարակային յայտարարութիւնով հանդէս գալէ ետք: Այդ պահին Արմէն Բայբուրդեանը կը զբաղեցներ Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարի պաշտօնը, որը ստանձնած էր 2004 թուականին:

2008-2013 թթ. Արմէն Բայբուրդեանը Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի աւագ խորհրդականն էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment