Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Օսիբեանը Մարտի 1-ի Դէպքերու Ժամանակ Ցուցարարներուն Մօտ Զէնք-Զինամթերք Չէ Տեսած

Օսիբեանը Մարտի 1-ի Դէպքերու Ժամանակ Ցուցարարներուն Մօտ Զէնք-Զինամթերք Չէ Տեսած

by MassisPost

Ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիբեանը չի բացառեր, որ 2008 թուականի Մարտի 1-ի գործին մէջ կան ընդգրկուած ոստիկաններ: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, այդ մասին Օսիպեանն ըսած է կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ՝ անդրադառնալով Մարտի 1-ի դէպքերով յարուցուած քրէական գործի շրջագիծէն ներս ոստիկաններու ներգրաւուածութեան հարցին:

«Ընդգրկուած են եղել տարբեր ստորաբաժանումներ, բայց դա չի նշանակում, որ բոլորը ենթակայ են պատասխանատուութեան, կամ առհասարակ ենթակայ են պատասխանատուութեան: Ինքնին փաստաթուղթ կեղծելը քրէօրէն պատժելի արարք է, թէ ով է արել՝ չեմ կարող ասել, արդեօք հնարաւոր է անել… եկէք ոչ մի բան չբացառենք, եթէ այդպիսիները կան, թող պատասխանատուութեան ենթարկուեն»,- նշած է Օսիբեանը:

Միաժամանակ, ոստիկանապետը վստահեցուցած է, որ Մարտի 1-ի դէպքերու ժամանակ ցուցարարներուն մօտ զէնք-զինամթերք չէ տեսած: «Բայց  փայտեր եւ այլն բոլորս էլ տեսել ենք: Այս հարցերն ուղղէք այն մարդկանց, ովքեր այդ օրերին եղել են վերադաս»,- ըսած է Օսիբեանը՝ նշելով, որ Մարտի 1-ի գործով ցուցմունք տալու չէ հրաւիրուած: Ոստիկանապետն ընդգծած է նաեւ, որ կը բացառէ Հայաստանի մէջ հանրահաւաքներու ժամանակ զոհեր ըլլան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment