Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Պէտք է Ըլլան Շատ Աւելի Ռազմավարական, եւ Գործընկերային . Նիկոլ Փաշինեան

Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Պէտք է Ըլլան Շատ Աւելի Ռազմավարական, եւ Գործընկերային . Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց տուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան «Զինուժ» հաղորդաշարին, եւ  ըսած է, որ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները առանձնայատուկ տեղ ունին, կը հաղորդէ «Թերթ.ամ»ը։

«Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները առանձնայատուկ տեղ ունին, առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին, եւ մենք յոյս ունինք այդ յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութիւնը էականօրէն բարձրացնել: Մեր յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան շատ աւելի բարձր մակարդակի, շատ աւելի ռազմավարական, շատ աւելի գործընկերային եւ շատ աւելի եղբայրական»,– ըսած է վարչապետը:

Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է ՀՀ զինուած ուժերու մարտունակութեանն ու նիւթատեխնիկական յագեցուածութեան, Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման մեքանիզմներուն եւ հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ գործունէութեան:

«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան երկիրներու ղեկավարներուն հետ առաջին իսկ շփումներու ժամանակ ինծի համար ակնյայտ դարձաւ, որ այս նոյն հարցը կայ նաեւ անոնց մօտ: Առաջինը` արձանագրել խնդրի գոյութիւնը եւ համբերատար, դաշնակցային մթնոլորտի եւ տրամաբանութեան մէջ քննարկել հարցերը, որպէսզի մենք իմանանք, թէ ինչ պարտաւորութիւններ ունի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը Հայաստանի առջեւ, եւ ինչ պարտաւորութիւններ ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն առջեւ»,– ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment