Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քրեմլի Մէջ Անկեղծ Խօսակցութիւն Կ’ակնկալեն Փութինի եւ Փաշինեանի

Քրեմլի Մէջ Անկեղծ Խօսակցութիւն Կ’ակնկալեն Փութինի եւ Փաշինեանի

by MassisPost

Ռուսաստանն անկեղծ ու լուրջ խօսակցութիւն կ’ակնկալէ 8 սեպտեմբերին Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ կայանալիք հանդիպման ժամանակ, երկուստեք կուտակուած են բազմաթիւ հարցեր:

Այդ մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը, կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը:  «Շատ հարցեր կուտակուած են ինչպէս մեր կողմէ, այնպէս ալ հայկական կողմէն, ուստի մենք անկեղծ, լուրջ խօսակցութիւն կ’ակնկալենք բոլոր այն հարցերու շուրջ, որոնք կը վերաբերին ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գծով համագործակցութեան»,- ըսած է Ուշաքովը:

Ինչպէս աւելցուցած են Քրէմլի մամլոյ ծառայութենէն, հանդիպման ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքէն  ներս համագործակցութեան հարցերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment