Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա Դիմած է Ինթըրփոլին Հայասեր Մտաւորական Ռակէպ Զարաքոլուն Բերման Ենթարկելու Հրամանագիրով

Թուրքիա Դիմած է Ինթըրփոլին Հայասեր Մտաւորական Ռակէպ Զարաքոլուն Բերման Ենթարկելու Հրամանագիրով

by MassisPost

Հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ իր հայանպաստ կեցուածքներով յայտնի թուրք մտաւորական Ռակէպ Զարաքոլուի դէմ բերման հրամանագիր հրապարակուած է։ Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս»ը նշելով նաեւ, որ հրամանագիրը հրապարակուած է Իսթանպուլի երրորդ դատական ատեանին կողմէ։

Նշենք, որ բերման հրամանագիրի հարցով Անգարայի իշխանութիւնները դիմած են Ինթըրփոլին, պահանջելով Թուրքիա արտայանձնել Շուէտ գտնուող հայասէր մտաւորականը։

Կը նշուի նաեւ, որ բերման հրամանագիրը կապ ունի 2011 թուականին Զարաքոլուի դէմ բացուած դատական թղթածրարին հետ, որուն հիմամբ ալ Զարաքոլուն բանտարկուած ու ապա ազատ արձակուած էր։

Անգարայի կողմէ եղած միջամտութիւններէն ետք Զարաքոլույի թղթածրարով  զբաղուող դատարանները չեղեալ համարուած էին եւ ահա այսօր անոր դէմ բերման հրամանագիր ստորագրուած է։

Նշենք, որ 2010 թուականին անոր դէմ ընթացք առած դատական հետապնդումները կապ ունին Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ մարդկային իրաւանց թեմաներով վերջինիս կարդացած  դասախօսութիւններուն  հետ։

Յիշեցնենք, որ Զարաքոլու կնոջ՝ Այշէ Նուրին հետ կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան թեման Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ բարձրաձայնած թուրք  մտաւորակններէն մին։

Ան նաեւ հիմնադիրն է «Պէլկէ» հրատարակչատան, որ նոյնպէս մեծ աւանդ բերած է հայկական հարցի մասին գիտական ուսումնասիրութիւններու(թրքերէն լեզուով) հրատարակման տեսակէտէն։
«ԱԿՕՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment