Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համաժողով Նուիրուած Հայ-Ամերիկեան Համատեղ Առեւտրական Գործակցութեան

Համաժողով Նուիրուած Հայ-Ամերիկեան Համատեղ Առեւտրական Գործակցութեան

by MassisPost

5 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը եւ ԱՄՆ առեւտրական ծառայութեան Մոսկուայի գրասենեակը՝  ID-ի դրամատան հետ համատեղ, կազմակերպած էին մէկօրեայ համաժողով, որ նուիրուած էր արտօնեալ ընկերութիւններու (franchise) ընձեռած գործարար հնարաւորութիւններուն: Այս համաժողովը հայ-ամերիկեան առեւտրաներդրումային կապերու խթանմանն ուղղուած շարունակական նախաձեռնութիւններէն մէկն էր, որ մասնակիցներուն տուած է եզակի ու արժէքաւոր հնարաւորութիւն հնարաւորինս շուտ իմանալ այն յայտնի ամերիկեան   մակնիշների մասին, որոնք հետաքրքրուած են հայկական շուկային մէջ իրենց ներկայութեան հաստատմամբ:

«Գիտեմ, որ այսօր սկիզբ կ’առնեն բազմաթիւ յաջող ձեռնարկներ: Յոյսով եմ, ԱՄՆ դեսպանատունը պիտի կարենայ պարարտ հող նախապատրաստել հայաստանեան գործարարներու եւ ամերիկեան ընկերութիւններու միջեւ կապերու ձեւաւորման համար, ապա մենք ետ կը քաշուինք, եւ դուք արդէն կ’ընէք այն ինչ ձեզ մօտ լաւ կը յաջողի եւ կը զարգացնենք ձեր պիզնեսը», – բացման խօսքին մէջ ըսած է ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլսը:

Արտօնեալ ընկերութիւններու (Ֆրենչայզինկի) համաժողովը մէկ յարկի տակ հաւաքած էր հայ եւ ամերիկացի գործարարները՝ օգնելով ձեւաւորել նոր գործընկերութիւններ հիւրընկալութեան, մանրածախ վաճառքի, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Երեք ամերիկեան ընկերութիւններու՝ Papa John’s Pizza-ի, Baskin Robbins-ի եւ Domino’s Pizza-ի ներկայացուցիչներուն  հետ միասին համաժողովին ներկայ էին աւելի քան 50 հայ գործարարներ եւ պետական պաշտօնեաներ: Ամերիկեան պիզնեսի ներկայացուցիչները յստակեցուցած են ֆրենչայզինկի իրենց հայեցակարգը եւ ծանօթացած հայաստանեան գործարար միջավայրի առանձնայատկութիւններուն:

Համաժողովի ժամանակ ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէն ֆրենչայզինկային պայմաններու մասին ելոյթներէն զատ եղած են նաեւ ելոյթներ տեղական յայտնի ընկերութիւններու կողմէն՝ պիզնեսի, իրաւական ու ֆինանսական հարցերու, ինչպէս նաեւ ֆրենչայզինկի զարգացման ծիրէն ներս մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին:

2015-ի նմանատիպ համաժողովին յաջորդած էր Tutti-Frutti Frozen Yogurts-ի երկու կէտերու բացումը՝ տեղի գործընկերներուն հետ ձեռք բերուած ֆրենչայզինկի պայմանաւորուածութեան համաձայն, եւ այս միջոցառումը միտուած էր նպաստել նմանօրինակ նոր զարգացումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment