Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը Մարտի 1-ի Գործով Նոր Աղմկայարոյց Բացայայտումներ Ըրած է

Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը Մարտի 1-ի Գործով Նոր Աղմկայարոյց Բացայայտումներ Ըրած է

by MassisPost

2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք  լայնամասշտապ բողոքի ցոյցերուն Ազատութեան հրապարակէն ցուցարարները ցրելու օրինականութեան  վերաբերեալ Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը նոր Աղմկայարոյց Բացայայտումներ Ըրած է ։

Ծառայութիւնը կը պնդէ, որ այն ժամանակուան ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ազատութեան հրապարակի մէջ գիշերող ցուցարարները բռնի ուժով հեռացնելու հակաօրինական գործողութիւններու համար փաստաթուղթեր կեղծած են՝ յայտնելով, թէ իբր հրապարակին մէջ զէնքի ու պայթուցիկ նիւթերու առկայութեան մասին ահազանգեր ստացած են: Յարուցուած է քրէական գործ, անուններ առայժմ չեն նշուած։

Բողոքի ցոյցերուն մասնակցած ու Մարտի 1-ի լուսաբացին ոստիկանական գրոհէն տուժած Գէորգ Գէորգեանն ու Դաւիթ Մաթեւոսեանն այսօր կը նշէին, որ այս բացայայտման երկար կը սպասէին: Անոնց խօսքով, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտարարեց այն, ինչ բոլորին յայտնի էր՝ ցուցարարներէն ոեւէ մէկը զինուած չէ եղած:

«Եթէ իրենք նման գործողութիւն արել են, եւ դրանից յետոյ էդ ամէն ինչը մարսուել է, ոչ ոք դրա համար չի ենթարկուել ոչ մի պատժի, դա մենակ մի բացատրութիւն ունի, որ այդ ամէնը հրամայուած էր վերեւից», – ըսած է Դաւիթ Մաթեւոսեանը:

Ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան, փաստահաւաք խումբին ներկայացուցած կեղծ փաստաթուղթերուն մէջ, բարձրաստիճան ոստիկանները իրենց հակաօրինական գործողութիւնները քօղարկելու եւ պատասխանատուութենէն խուսափելու համար, նշած են, թէ ահազանգերը ստուգելու նպատակով, առաւօտեան ժամը 7-ին փորձած են զննել տեղանքը, սակայն հանդիպած են ցուցարարներու դիմադրութեան ու ստիպուած եղած են ֆիզիքական ուժ եւ յատուկ միջոցներ կիրառել։ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը, մինչդեռ, կը պնդէ, ոստիկանութեան աւելի քան 1300 ծառայողներ, Մարտի 1-ի առաւօտեան 6։30-ին արդէն սկսած էին խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ գրոհը։

Միջադէպին ներկաներու խօսքով, իրաւապահները յարձակած են առանց նախազգուշացման, ցուցարարներուն մեծ մասը, այդ շարքին կանայք եւ երեխաներ, արթնցած են ոստիկանական մահակներու հարուածներէն։

«Մենք մեր նախաձեռնութեամբ բոլոր ծառերի տակ, տարածքներում, որտեղ պատսպարուելու հնարաւորութիւն կար, ուսումնասիրում էինք, որ յանկարծ զէնք չլինի, չբերեն գցեն, յետոյ մեզ դրա համար մեղադրանք ներկայացնեն: Միշտ ուշադիր ենք եղել, բոլոր տարածքը միշտ կանոնաւոր ստուգել ենք: Ու էդ ընթացքում անընդհատ ոչ մի սիւիլ, քաղաքակիրթ մօտեցում ոստիկանութեան կողմից, ե՛ւ հայհոյանքներ, ե՛ւ բռնութիւններ, ե՛ւ ծեծ, ե՛ւ ձերբակալութիւններ», – ըսած է Դաւիթ Մաթեւոսեանը:

«Էդ իշխանութիւնները էնքան իրականութեան զգացողութիւնը կորցրած էին եղել, էնքան վստահ էին, որ իրենք մնալու են իշխանութեան, որ ամէն ինչ շատ փնթի են արել: Եւ բացայայտելու միակ շանսը էդ փնթիութիւնն է: Էսօր էդ փնթիութեան հետեւանքով է, որ էդ շինծու բաները բացայայտուում են, եւ էլի բաներ կը բացայայտուեն», – ըսած է Գէորգ Գէորգեանը:

2008-ին բողոքի ցոյցերը առաջնորդող Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Քոնկրէս կուսակցութեան փոխնախագահ Լեւոն Զուրապեանի խօսքով՝ բարձրաստիճան ոստիկանները գործած են այն ժամանակուան իշխանութեան ցուցումով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment