Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յառաջիկային Նախատեսուած է Փութինի եւ Փաշինեանի Նոր Հանդիպումը․ Լաւրով

Յառաջիկային Նախատեսուած է Փութինի եւ Փաշինեանի Նոր Հանդիպումը․ Լաւրով

by MassisPost

Յառաջիկային նախատեսուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Այս մասին Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու համալսարանին մէջ, առաջին տարուայ ուսանողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Կը կարծեմ, մեզի համար կարեւոր է լսել, թէ Հայաստանի նոր ղեկավարը ինչպէս կը գնահատէ երկրի մէջ իրադրութեան զարգացման հեռանկարները։ Մեզ, իհարկէ, ամենեւին միեւնոյնը չէ, թէ այս իրավիճակին մէջ Հայաստանը ինչպէս կը կատարէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջագիծէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւնները, մենք կ’ելլենք այն հանգամանքէն, որ այդ պարտաւորութիւնները ուժի մէջ են եւ պէտք է լիարժէք իրականացուին, այդ շարքին` մեր ընդհանուր կազմակերպութեան հեղինակութիւնն ամրապնդելու առումով», – յայտարարած է Սերկէյ Լաւրովը:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ Մոսկուան մտահոգ է Հայաստանի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններէն, սակայն տեղի ունեցող զարգացումները կ’որակէ որպէս երկրի ներքին գործ:

«Իհարկէ մեզ կը մտահոգէ այն հանգամանքը, որ իրադրութիւնը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ թէժ մնալ, կը հետաքննուին տասնամեայ վաղեմութեան իրադարձութիւնները, գիտէք այդ փաստերու, տեղի ունեցած ձերբակալութիւններու մասին», – ըսած է Լաւրով՝ աւելցնելով. – «Անկասկած, մենք այն կը համարենք Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործը եւ շատ կ’ուզենք, որպէսզի այդ ներքին գործերը մնան օրէնքի եւ Սահմանադրութեան ամուր հիմքի վրայ ու արագօրէն յաղթահարուին»:

Սա առաջին անգամը չէ, երբ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուայի մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու առիթով։ 31 Յուլիսին Լաւրով յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսած էր, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը հակասեն երկրի նոր ղեկավարներու յայտարարութիւններուն այն մասին, որ պիտի հրաժարին իրենց նախորդներուն նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment